Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ընդունեց Դրամատուներու միութենէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Սելիմ Սֆէյրի:

Պատուիրակութիւնը վարչապետին ներկայացուց ուսումնասիրութիւն մը, որ միութեան յանձնարարութեամբ խորհրդատու մը պատրաստած է ելեւմտական բացի օրինագիծին շուրջ, որ կառավարութիւնը փոխանցեց խորհրդարանին:

Պատուիրակութեան անդամները նաեւ ներկայացուցին օրէնքը իր ներկայ տեսքով գործադրելու առումով իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Սալամ վերահաստատեց այն սկզբունքները, որոնց հիմամբ կառավարութիւնը մշակած է օրինագիծը` նշելով, որ դրական տրամադրուած է զայն բարելաւելուն` «բոլոր կողմերուն իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելով»:

«Օրինագիծը այսօր կը գտնուի խորհրդարանին մէջ, որ պէտք է զայն քննարկէ եւ անոր մէջ անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարէ», յայտնեց վարչապետը:

 

Leave a Comment