Թրամփ. «Շի Ճինփինկ Այս Տարուան Վերջաւորութեան Ուաշինկթըն Պիտի Այցելէ»

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ այս տարուան վերջաւորութեան Ուաշինկթըն պիտի այցելէ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

«Ես Չինաստան պիտի երթամ ապրիլին, իսկ ան այստեղ պիտի գայ այս տարուան վերջաւորութեան», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի ղեկավարները վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էին:

 

Leave a Comment