Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու, պայմանով, որ անիկա հիմնուած ըլլայ արդարութեան ու փոխադարձ յարգանքի վրայ` շեշտելով, որ որեւէ բանակցութիւն պէտք է այդ երկու սկզբունքներուն վրայ հիմնուած ըլլայ:

Ան նշեց, որ Թուրքիան միշտ ալ Իրանի պետութեան ու ժողովուրդին կողքին կանգնած է:

Արաղչի քննադատեց Իսրայէլը` յայտնելով, որ ան կը հետեւի դաւադրութեան տեսութիւններու` իրագործելու համար իր անօրինական նպատակները, եւ կը ջանայ շրջանի երկիրները պատերազմներու մէջ ներքաշել: Ան շրջանի պետութիւններուն կոչ ուղղեց լուրջ ըլլալու, եւ գիտակից` Իսրայէլի կատարածին:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, թէ իր երկիրը դիւանագիտութեան կ՛աջակցի` շրջանի բոլոր խնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար, եւ կը մերժէ որեւէ զինուորական սպառնալիք, ինչպէս նաեւ դէմ է որեւէ արարքի, որ շրջանին մէջ անկայունութեան կը յանգեցնէ:

Ան ընդգծեց, որ Իրան վճռակամ է ինքզինք, իր կայունութիւնն ու շրջանին կայունութիւնը պաշտպանելու, եւ արտաքին ճնշումի դիմաց պիտի չընկրկի:

Արաղչի իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ բարգաւաճման իրագործման:

«Մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր գործընկերներուն հետ որեւէ հանդիպում կամ հաղորդակցութիւն չկայ», նշեց ան` աւելցնելով. «Ինչպէս բանակցութիւններուն պատրաստ ենք, նոյնպէս ալ պատերազմին պատրաստ ենք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Արաղչիի հետ Պոլսոյ մէջ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ուաշինկթընը յորդորեց դիմադրելու Իրանին զինուորական հարուած հասցնելու իսրայէլեան ճնշումներուն` զգուշացնելով. «Ատիկա փխրուն շրջանի մը մեծ վնաս պիտի պատճառէ»:

«Կը նկատենք, թէ Իսրայէլ կը փորձէ Միացեալ Նահանգները համոզել Իրանի դէմ զինուորական յարձակում գործելու: Կը յուսանք, որ ամերիկեան վարչակազմը իմաստուն կը վարուի եւ ատոր տեղի ունենալը չ՛արտօներ», ըսաւ ան:

«Հինգշաբթի օր խօսեցայ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ, եւ պիտի շարունակենք Իրանի հարցով ամերիկացի պաշտօնատարներուն հետ խօսիլ», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

«Իրանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Թուրքիոյ համար կարեւոր են», շեշտեց Ֆիտան:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր իրանցի պաշտօնակից Մասուտ Փեզեշքիանին յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութեան մեղմացման օգնելու:

Leave a Comment