Ներքին Գործոց Նախարարը Ստորագրեց Քուէարկողները 3 Մայիսին Քուէարկութեան Հրաւիրող Հրամանագիրը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ առտու ստորագրեց քուէարկողները 3 մայիսին քուէարկելու հրաւիրող հրամանագիրը, որ յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին պիտի հրապարակուի պետական պաշտօնաթերթին մէջ:

Մինչ այդ, երեսփոխան Սելիմ Աուն «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ընտրութիւններու պատկերը տակաւին մշուշոտ է, եւ հակառակ քուէարկութեան թուականին շուրջ 95 օր մնալուն, տակաւին չէ յստակացած:

«Ընտրողները քուէարկելու հրաւիրելու հրամանագիրի ստորագրումը պարզապէս սահմանադրական պարտադիր քայլ մըն է, իսկ թեկնածութիւններու առաջադրումն ու ընտրական ցուցակներու կազմութիւնը տակաւին չէ վճռուած»:

 

Leave a Comment