Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան Նախիջեւանի Մէջ Երկաթուղային Նախագիծի Իրագործելիութեան Ուսումնասիրութիւններու Սկսելու Վերաբերեալ Համաձայնութիւն

Եւրոպական Միութիւնն ու Ազրպէյճանը երէկ համաձայնած են ամրապնդելու իրենց գործընկերութիւնը Եւրոպական Միութեան «Կլոպըլ Կէյթ» նախաձեռնութեան եւ վերջերս սկսած Միջշրջանային կապերու ծրագիրի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Ըստ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, կողմերը նպատակ ունին միասնաբար բացայայտել նոր տնտեսական կարելիութիւններ` փոխադրամիջոցի, թուային ճարտարագիտութիւններու, ուժանիւթի եւ առեւտուրի ոլորտներուն մէջ կայուն ու դիմացկուն կապերու միջոցով, ինչպէս նաեւ խթանելու երկարաժամկէտ համատեղ բարգաւաճումը, համագործակցութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնն ու Ազրպէյճանը, Եւրոպական ներդրումային դրամատան հետ միասին, համաձայնութեան եկած են սկսելու Նախիջեւանի երկաթուղիի նախագիծի իրագործելիութեան ուսումնասիրութեան աշխատանքները:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ ասիկա զգալի ներդրում է Ազրպէյճանի եւ աւելի լայն շրջանի մէջ շարժունակութեան եւ տնտեսական հոսքերու բարելաւման առումով: Այս երկաթուղին պիտի ըլլայ աւելի մեծ Անդրկասպեան փոխադրամիջոցային միջանցքի մաս, որ նպատակ ունի Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան կապել տարանցման 15 օր նախատեսուած ժամանակով:

 

 

Leave a Comment