Յայտարարութիւններ (29 Յունուար 2026)

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ (ՆՈՐ ՍԻՍ)
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ
ՄԱՏԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 1 փետրուար 2026-ին, Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ  պիտի մատուցուի եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարուի:

Պատարագը պիտի մատուցէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

– Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
– Ս. պատարագ`            ժամը 9:30-ին
– Քարոզ`                        ժամը 10:30-ին
– Մատաղօրհնէք`            ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
(ՆՈՐ ՍԻՍ)

————————————–

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Հաստատութիւն մը` Տորայի շրջանի մէջ, կարիքը ունի հաշուապահի մը, աշխատանքի լիաժամ կամ կիսաժամ դրութեամբ, ըստ յարմարութեան: Դիմել` հեռ. 03-164767:

————————————–

ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ

ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ`

ԻՐՄԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆ-ՏԷՏԷԵԱՆԻ

18 ՄԱՐՏ 2026

Leave a Comment