«Բա՛ւ Է Ուաշինկթընէն Քաղաքագէտներուն Հրամաններ Տաք» Կ՛ըսէ Վենեզուելայի Նախագահի Պաշտօնակատարը

Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզ, երկրի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ամերիկեան ուժերու կողմէ ձերբակալումէն ի վեր իր վրայ բանեցուող ճնշումներուն ակնարկելով, Միացեալ Նահանգները յորդորեց հեռու մնալու Վենեզուելայի մէջ քաղաքականութենէն:

Ռոտրիկեզ արեւելեան Էնզուաթեկի նահանգին մէջ քարիւղի ոլորտի աշխատաւորներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Բա՛ւ է Ուաշինկթընէն վենեզուելացի քաղաքագէտներուն հրամաններ տաք: Ձգեցէ՛ք, որ վենեզուելական քաղաքականութիւնը իր ներքին տարակարծութիւններն ու հակամարտութիւնները լուծէ: Բա՛ւ է օտար ուժերը միջամտեն»:

Leave a Comment