Թրամփ Ինքզինք Վենեզուելայի Նախագահի Պաշտօնակատար Հռչակած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրապարակած է սքրինշաթ մը, ուր նշուած է, թէ ինք Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատարն է:

Ըստ հրապարակուածին, Թրամփ այդ պաշտօնը «ստանձնած է» յունուար 2026-ին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ Սպիտակ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Վենեզուելայի հետ բանակցութիւնները «լաւ ձեւով կ՛ընթանան»:

Ան աւելցուցած է, որ Վենեզուելայի ղեկավարութեան հետ «շատ լաւ ձեւով» աշխատանք կը տարուի` սպասելով անոր արդիւնքին:

Leave a Comment