Յայտարարութիւններ (30 Դեկտեմբեր 2025)

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին

Պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը փոխանցէ`

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Սկիզբ ժամերգութեան`   ժամը 9:00-ին
Ս. պատարագ`              ժամը 10:00-ին
Ջրօրհնէք`                  ժամը 11:30-ին

Սիրով կը սպասենք մեր ժողովուրդը Սուրբ Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ` միասնաբար հռչակելու Սուրբ Ծննդեան աւետիսը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

***

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ին, Ս. Ծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք, առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:

Այնուհետեւ երեկոյեան ժամը 7:30-9:00-ի միջոցին կը հրաւիրենք ձեզ ներկայ գտնուելու Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունենալիք, Ս. Ծննդեան ընդունելութեան:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի

————————————–

YEREVAN STORE

ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ` ԹԱՄԱՐ ԵՒ ՐԱՖՖԻ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԱՆԻ

Յարգոյ յաճախորդներուն կը յայտնենք, որ աւարտած ըլլալով վաճառատան նորոգութիւնները եւ անոր վերաբացման առիթով, յաճախորդները այդտեղ պիտի կարենան այցելել ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:

YEREVAN STORE.- Պուրճ Համուտ,
Արաքս փողոց, թիւ 63 թաղ, հեռաձայն`
01-254747 եւ 81-002115

Leave a Comment