Յայտնած էինք օրին, որ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը պարտաւորութեան տակ է թերթի հատավաճառի շարունակական վերանայման:
Այսու կը տեղեկացնենք, որ նկատի ունենալով վարչական թէ տպագրական ծախսերու նկատելի յաւելումները, «Ազդակ»-ի հատավաճառը 3 յունուար 2026-էն սկսեալ կ՛ըլլայ 200.000 լիբ. ոսկի:
Վարչական բաժինը կը կապուի նաեւ բաժանորդներուն հետ` բաժանորդագինի վճարման եղանակի ճշդումին համար:
Կ՛ապաւինինք մեր ընթերցողներու հասկացողութեան: