Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ նշեց. «Լիբանան այսօր Ամերիկայի եւ Իսրայէլի պատճառով փոթորիկի եւ անկայունութեան մէջ է, եւ անոնք են Լիբանանի մէջ անկայունութեան եւ լիբանանցիները պատուհասած բազմաթիւ խնդիրներու ու բարդութիւններու պատճառները»:
«Ամերիկան Լիբանանի մէջ փտածութիւնը հովանաւորեց եւ անոր պարագլուխները պաշտպանեց, աշխատանք կը տանի հոգատարութեան վրայ եւ այսօր երկրին մէջ բազմաթիւ կարեւոր ոլորտներ կը վերահսկէ», յայտնեց ան:
«Կանգնած ենք պատմական խաչմերուկի վրայ` կամ Ամերիկային ու Իսրայէլի ուզածը կու տանք, Լիբանանը կը քայքայուի, Իսրայէլը Լիբանանին ամբողջովին կ՛իշխէ ու կը վերահսկէ, կա՛մ ալ ազգովին ոտքի կը կանգնինք, կը պաշտպանենք մեր գերիշխանութիւնը եւ հայրենիք կը կերտենք:
«Սեղանի վրայ դրուած են երկու հարցեր. առաջինը ամերիկացիի եւ իսրայէլացիի կողմէ ապազինումը, իսկ երկրորդը` Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումը` Իսրայէլը վտարելու եւ պետութեան վերականգնման ճամբով», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Այսուհետեւ մեզմէ բան մի՛ պահանջէք: Այլեւս Լիբանանէն չի պահանջուիր յաւելեալ քայլ մը կատարել, նախքան Իսրայէլի` զինադադարի համաձայնութեան պայմանները կատարելը», ըսաւ ան:
«Լիբանանի մէջ պետութիւնը յաջողեցաւ, որովհետեւ այնտեղ Դիմադրութիւն գոյութիւն ունի», նշեց շէյխ Քասեմ:
«Կոչ կ՛ուղղենք յետաձգելու զէնքի մենաշնորհման պահանջը, որովհետեւ ատիկա իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման լոյսին տակ անտրամաբանական է եւ մաս կը կազմէ ծրագիրին», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Զինաթափումը իսրայէլեան-ամերիկեան ծրագիր է, նոյնիսկ եթէ զայն ներկայ փուլին զէնքի մենաշնորհում կոչեցին»:
«Զիս կը զարմացնէ ան, որ Իսրայէլէն պահանջուածը չի տեսներ, եւ կը փորձէ համաձայնութիւնը Հըզպալլայէն ու Լիբանանէն յաւելեալ պահանջներով բացատրել», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«Լիբանանի մէջ պէտք չէ Իսրայէլի մօտ ոստիկան գոյութիւն ունենայ», ըսաւ ան:
«Պիտի պաշտպանենք, տոկանք եւ մեր նպատակները իրագործենք, թէկուզ աւելի ուշ», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Ձեր լաւագոյն ձիերը հեծէք, Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամէնէն հեռաւոր ծայրամասին հետ գործակցեցէք, սակայն պիտի չնահանջենք, անձնատուր պիտի չըլլանք, եւ մեր իրաւունքները պիտի պաշտպանենք»:
«Եթէ լուծում կ՛ուզէք, ապա պէտք է օդի, ցամաքի եւ ծովու ճամբով յարձակումը դադրի, ամբողջական հեռացում կատարուի, գերիները ազատ արձակուին, եւ հարաւային Լիբանանը վերակառուցուի», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
«Ինքնապաշտպանութիւնը մեր իրաւունքն է, եւ լիբանանեան պետութեան կառուցման կը մասնակցինք եւ լաւագոյն բնորդը կը ներկայացնենք», ըսաւ ան: