«Կաթիլ Մը Պատմութիւն»… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ ձեռնակառքի վրայ վաճառուող գրքերու մէջ աչքիս զարկաւ գիրք մը՝ «Կաթիլ մը պատմութիւն» խորագրով: Գնեցի եւ տուն վերադարձիս աչքէ անցուցի: Ամբողջութիւնը՝  հին ու նորագոյն պատմական դէմքերու յանցագործութեանց  եւ նշանաւոր  դէպքերու քաղուածք մըն է, որոնց հիման վրայ հեղինակը կը յանգի եզրակացութեան, թէ «վայրագութիւնն է պատմութեան ծնունդ տուող դայեակը» (յունարէն՝ մամի-դայեակ):  

Հեղինակը՝ Տիմիթրի Քամպուրաքի յայտնի լրագրող-վիպագիր մըն է, որ նաեւ հաղորդումներ կը կատարէ յունական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններէ: Յայտնօրէն  հաղորդումներու շարքի  մը համար տարբեր ազգերու պատմութեանց մէջ պրպտումներ կատարած է,  ապա զանոնք մէկտեղած՝ հատորին մէջ: Իր պրպտումներու լոյսին տակ, գրքի նախաբանին մէջ ան կը խտացնէ  իւրայատուկ խորհրդածութիւն մը, ըստ ինծի նոյնքան իւրայատուկ բանաձեւումներով, որու համար ալ «արժանի» նկատեցի անոր խտացեալ թարգմանութիւն-հայացումը հրամցնել ընթերցողներուս:

Ահաւասիկ նախաբանը.

«Պատմութիւնը պոռնիկ մըն Է, որ սակայն կը վայելէ մեր խորունկ  յարգանքը : Քանի որ  ան կրնայ  հմայել քեզ կամ… սարսռացնել։ Կրնայ ըլլալ, որ նոյնիսկ սիրահարուիս անոր կամ… գանիլ անկէ: Այնպէս կ’ընէ, որ  սիրահարուիս իրեն  կամ հակառակը՝ զզուեցնէ քեզ ։ Կրնայ սորվեցնել քեզի, նաեւ՝ ոչնչացնել։ Դարձնել քեզ հետապնդող, սինիկ կամ երազատես։ Ոճրագործ կամ առաքեալ (միսիոնար)։ Յանցագործ կամ զոհաբերող կամ զոհ։ Եւ այսպես. նույնն է պատմութեան համար, ինչպէս եւ պոռնիկին համար։ Ան երբեք հետաքրքրուած չէ քու զգացումներովդ :  Պատմութիւնը բացարձակ ազատութիւն կու տայ անոնց, որոնք կ’ուզեն հետազօտել զինք ու վերլուծումներ կատարել այնպէս, ինչպէս պոռնիկը ազատութիւն կու տայ իրեն այցելողներուն, որոնք կը ցանկան  սեռային յարաբերութիւններ ունենալ իրեն հետ: Անոր համար բացարձակ արժէք  չունի, թե պատահական այցելուն իրեն սիրահարուած է թէ չէ, աւազակ է թէ առաքինի, գեղեցիկ է կամ տգեղ, քնքուշ կամ անողոք, արդար կամ անարդար։ Մարդկային այս ըմբռնումները պարզապէս  անոր մէջ ծիծաղ կը յառաջացնեն:  Պատմութիւնը արդարութեան կշեռք չունի իր ձեռքին։  Անոր  համար  մարդիկ կ’արժեն այն, ինչ որ կ’արժէ սեղանի մը վրայի փոշին:    Ան կրկնապէս կը զուարճանայ, երբ պատմաբաններ կը ձգտին ուսումնասիրել զինք եւ իմաստուն  եզրակացություններով  առաջարկներ կը ներկայացնեն։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ  պատմութիւնը  անվերջ է, նոր իրադարձութիւններով յղի…: Մինչ մենք վերջ մը ունինք եւ մեզմէ վերջ պատմութիւնը պիտի շարունակուի, երբ մենք չկանք արդէն: Այնպէս որ ի՞նչ կրնայ արժել պատմաբանի վերլուծումները, երբ անոր մահէն վերջ պատմութիւնը պիտի շարունակուի առանց վերջի…:

Կայ նաեւ լրջագոյն խնդիր. յայտնի ալ չէ, թէ ի՞նչ չափանիշերու հիման վրայ կը գնահատուին պատմութեան գործողութիւնները։  Չինացի աշխատողը կը սպաննուի չինական մեծ պատի կառուցման ժամանակ, ամերիկացին ոտք կը դնէ լուսնի վրայ, Հռոմի պապը կը հրամայէ սուրբ դատաստան սարքել ու հաւատաքննել , տեղ մը երեխայ կը զոհաբերուի  հրէշի մը, ամերիկացի օդաչուն ատոմային ռումբ կը նետէ Ճապոնի վրայ։ Համաշխարհային պատմութեան այս ցրուած իրադարձութիւններէն ո՞րն է աւելի կարեւոր։ Հայտէ ըսէք նայիմ։ Ո՞վ կարող է վստահօրէն ըսել, թէ Ատոլֆ Հիտլերի կեանքը աւելի կարեւոր էր պատմութեան համար, քան կեանքը Մեծն Սուլեյման  թուրք սուլթանի կանանոցին մէջ (հարեմ)տառապող   ստրուկ կնոջ …:

Պատմութեան հոգին ամրօրէն կնքուած անթափանցելի գաղտնիք մըն է ։ Այդ  գաղտնիքը փնտռող մարդիկ կը նմանին կասկածոտ այն ամուսնոյն, որ իր կնոջ հաւատարմութիւնը ստուգելու փնտռտուքին կ’ելլէ եւ որքան կը մօտենայ անհաւատարմութեան փաստի, այնքան կը հեռանայ իր յուսացած արդիւնքէն, այսինքն հաւատարիմ կողակից մը ունեցած ըլլալու հաւաստիքէն..:

Պատմութեան հոգի՜ն… Ոչ ոք պիտի կարենայ  բացայայտել պատմութեան հոգին։ Մարմնավաճառը իր մարմինը կ’առաջարկէ յաճախորդներուն։ Բայց շատ կը նեարդանայ-կը սրտնեղի, երբ առանձնասեեակին մէջ անոնք կը փորձեն իր յուզաշխարհին մօտենալ եւ թոյլ չի տար, որ  հոգին պեղեն: Նոյնն է պատմութեան պարագային:

Վերջին հաշուով ի ՞նչ է պատմութիւնը: ճակատագի՞ր է։ Աստուա՞ծ է։ Յաղթողներու քաջագործութիւննե՞րն են , որոնք կը վերածուին  պատմական անհերքելի որոշակիութիւններո՞ւ, թէ պարտուածներու ճիչերն են, որ յուսահատ՝  ճեղք կը փնտռեն ազատագրուելու  համար։ Պատմությունը ՄԱԿ-ի գործուն էութի՞ւնն է արդեօք, թէ զանգուածներու շարժում է։ Արդեօք  արտադրողական ուժերն ու արտադրողական յարաբերություններն են։ Արդեօք  գիտնականներու մտքերումէջ շլացուցիչ փայլատակումնե՞րն են, զօրավարներու հանճարեղ քայլերը, քաղաքական գործիչներու տրամատիկ որոշումներն են, որ պատմութիւնը կը կազմեն։ Արդեօք  անյայտ ճակատագրի պողպատէ կամքն է, որ կ’առաջնորդ է տիեզերքի բնակչութիւնը։ Արդեօ՞ք  իրադարձութիւններու պատահական յաջորդականութի՞ւնն է, որ պատմութիւն դարձած է միլիարդաւոր տարիներու ընթացքին, միլիարդաւոր մարդոց կեանքով …:

Անհեթեթութիւն: Այս բոլորէն ոչ մէկն է եւ ոչ ալ միւսը: Պատմութիւնը պարզապէս պոռնիկ մըն է»:

 ****

«Կաթիլ մը պատմութիւն» գրքի բազմապիսի կաթիլներէն կաթիլ մըն ալ այս մէկն է.

«1957-ին , պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով սովետական միութիւնը երկու ամսուան մէջ մէկը հոկտ-ին իսկ միւսը նոյեմբերին տիեզերանաւ ղրկած էր անջրպետին մէջ: Երկրորդին՝ շնիկով մը, որ վերադարձին  սատկած գտնուած էր խցիկին մէջ թթուածինի պակասէն: Կը նշանակէր, թէ սովետները արհեստագիտութեան մէջ աւելի յառաջացած կը թուէին ըլլալ քան Ամերիկան…: : Արեւմուտքը ցնցուած էր: Ի գործ կը դրուէր ահաւոր քարոզչութիւն՝ կենդանասէրներու զգացումները գրգռելով: Քիչ մը ամէն տեղ, յատկապէս Լոնտոնի մէջ եւ ազնուականներու մասնակցութեամբ զանգուածային ցոյցեր կը կազմակերպուէին սատկած շունի կեանքին համար, «տեսա՞ք, թէ որքան անգութ են ռուսերը, որ հաշուի չեն առներ շունի մը կեանքը…»:

Եւ ըսել, թէ այդ ցոյցերէն քիչ առաջ, նոյն Անգլիան  Նիկոսիոյ հրապարակին վրայ կախաղան կը բարձրացնէր  տասնեակ ազատամարտիկներ, որոնք  պայքարած էին Կիպրոսի ազատագրութեան համար անգլիական լուծէն…: Պատմութեան հոգի՜՜ն:

Աթէնք, 18 դեկտ. 2025

 

 

Leave a Comment