Աւելի Քան Մայրենիի Բդեշխ Մը, Սփիւռքեա՛Ն Արժէք Մը (Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այլ Փուլեր

Արմենակին հետ մեր տարտակցութիւնը եթէ սկիզբ առաւ յիշեալ ձեւով, անիկա վերջ պիտի չգտնէ իր մեկնումով, ինչպէս որ վերջ չգտաւ Պէյրութէն մեր հեռանալէն ետք, պահպանուեցաւ նամակցութեամբ, նաեւ որոշ դաշտերու մէջ ուղղակի եւ անուղղակի աշխատակցութեամբ:

Չենք ուզեր կանգ առնել ամէն քայլափոխի առջեւ, սակայն կ՛ուզենք մեր կարկինը ի գործ դնել մէկ քանի ոլորտի մէջ:

Արմենակին, ինչպէս նաեւ այլ տարտակիցներու հետ գործակցութեան, ուրեմն եւ հաղորդակցութեան երկարաշունչ փուլ մը բացուեցաւ յուլիս 2012-ին, երբ կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր յարկին տակ ստեղծուեցաւ Արեւմտահայրերէնի պահպանման յանձնախումբը: Նպատակն էր ո՛չ միայն ճիշդ հունին վերադարձնել մեր լեզուի գետը, այլ նաեւ` լուծում բերել վիճելի հարցերու, ընդունելի մէկ յայտարարի վրայ հաւաքել անոր «գործիքները»` ուղղագրութիւն, քերականութիւն, շարադասութիւն, լեզուամտածողութիւն եւ այլն: Մօտաւորապէս երկու տասնեակ մտաւորականներ, գրողներ, խմբագիրներ եւ դաստիարակներ համատեղուած էին այդ յանձնախումբին մէջ, բոլոր անդամներն ալ ունեցան մասնակցութեան իրենց բաժինները, սակայն պէտք է հաստատել, որ առաջին իսկ օրէն Արմենակը (մանաւանդ Պէյրութ հաստատուած ըլլալուն շնորհիւ) եղաւ գլխաւոր ծառայողը: Այդ օրերուն էր, որ սկիզբ առաւ Արմենակին հռչակաւոր «Ուղեցոյց»-ը: Սկզբնական շրջանին անիկա հազիւ 40  էջ էր, ձեւով մը արձագանգ` իր նախընթաց գրառումներուն: Տարիներու անիւին թաւալումին հետ ուղեցոյցը ուռճացաւ, ինչպէս որ կ՛աճին ծառի մը բունը եւ սաղարթները, ու հասաւ շուրջ 900 էջի ծաւալի, իսկ երբ ի վերջոյ հրապարակ եկաւ, անիկա կը հաշուէր շուրջ 850 էջ: Արմենակին կողքին, այդ ուղեցոյցին մէջ լայն ներդրում ունեցաւ Յակոբ Չոլաքեանը,  Երուանդ Փամպուքեանը, նաեւ Սարգիս Կիրակոսեանը, այս տողերը արձանագրողը (որքան որ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը կ՛արտօնէր) եւ ուրիշներ: Շատ լաւ կը յիշեմ մեր հեռակայ ազնիւ վէճերը (պէտք է նշել, որ Արմենակը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեց սկզբնական տարիներու իր կարգ մը տեսութիւնները, ուղղագրական դրոյթները): Անոր մէկ ամփոփումը լոյս տեսաւ քանի մը տարի առաջ:

Ի սկզբանէ յանձնախումբը որդեգրած էր մօտաւորապէս հետեւեալ սկզբունքը: Եթէ վիճելի կէտերու շուրջ բոլորը հասնին միացեալ եզրակացութեան մը, ատիկա պէտք է որդեգրել իբրեւ հասարակաց կարծիք եւ օրէնք: Դժբախտաբար այս սկզբունքը լիովին չպահպանուեցաւ, իսկ Արմենակին «Ուղեցոյց»-ին մէջ մնացին վիճելի հարցերու հետքեր: Այլ հարց, թէ իր բազմաթիւ թելադրանքներուն եւ ճիշդ հուն ձեւաւորելու ճիգն ալ սպասուած արդիւնքը չտուաւ, մեր լեզուի նահատակութիւնը խօլ արշաւով կը շարունակուի քիչ մը ամէն տեղ, նաեւ… Հայաստանի մէջ:

Ինչո՞ւ արժէքաւոր է այդ «Ուղեցոյց»-ը, ո՞ւր է անոր արժէքը:

Հիմնական արժէքը աւելի քան տասնամեակ մը տեւած հետեւողական եւ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ապրած աշխատանքն է: Բաւականանանք այս հաստատումով: Յետոյ ըսենք, որ Արմենակը «անիւի գիւտը» չէ կատարած (ասիկա թող չընկալուի իբրեւ իր եւ լծակիցներուն գործը նսեմացնելու արտայայտութիւն): Ան խորքին մէջ հաւաքագրած, մէկտեղած եւ ըստ կարելւոյն «միասնականացուցած» է մեր լեզուի ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ: Քերականութեան, ուղղագրութեան եւ լեզուական այլ դասագիրքեր չեն եղած լիակատար, համապարփակ եւ միասնական: Մինչեւ իսկ համալսարանական մակարդակի վրայ, հայագիտական ամպիոններ լեզուի ուսուցումը չեն կատարեր նման ամբողջական մօտեցումով (ալ ի՜նչ խօսք հայագիտական կարգ մը հիմնարկներու եւ ամպիոններու մասին, ուր հայագիտութիւնը կը դասաւանդուի… օտար լեզուներով: Այս կէտը մեր տարտակցութեան դաշտերէն մէկն էր): Արմենակը ո՛չ միայն աչքի առջեւ ունեցաւ նորագոյն տասնամեակներուն գործածուած դասագիրքերը, այլ «հերկեց» լեզուագիտութեան (կրկնենք` ուղղագրութիւն, քերականութիւն եւ այլ) գրեթէ ամբողջ մատենադարանը, լոյս աշխարհ վերադարձուց օրէնքներն ու դրութիւնները, դարձաւ անոնց քարոզիչն ու պահակը:

Ահա ա՛յս վաստակն է, որ այսօր շատերու ըսել կու տայ, թէ ան արեւմտահայերէնի պաշտպան մըն էր. աւելցնենք` պաշտպանէ աւելի՛ն էր. տեսա՞նք, թէ ինչո՛ւ:

Նաեւ` Արեւելահայերէնի

Յիշեալ արժեւորումը կիսկատար կը մնայ, եթէ անտեսենք արեւելահայերէնին հանդէպ անոր նախանձախնդրութիւնը, նա՛եւ անոր պահակը ըլլալու յանձնառութիւնը: Տարբերութիւնը այն է, որ այդ ուղղութեամբ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ընդարձակ աշխատանք չտարաւ, չձեռնարկեց համապատասխան «Ուղեցոյց»-ի մը պատրաստութեան: Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ կը հաւատար, թէ Հայաստանի մէջ կան մասնագէտ լեզուագէտներու փաղանգ մը, համակարգեր, որոնց ճիտին պարտքն է այդ կալուածը: Գիտէր նաեւ, որ այդ դաշտին մէջ մասնագիտական աշխատանք տարուած է ու կը կատարուի: Կը բաւականանանք միայն աւելցնելով, որ իր զայրոյթէն բաժին կը հանէր նաեւ բոլոր անոնց (պետական, քաղաքական մարդիկ, գրողներ, լրագրողներ, մինչեւ իսկ մտաւորականներ), որոնք ահաւոր անբարեխղճութեամբ նահատակ կը դարձնէին (ու կը շարունակեն դարձնել) մեր լեզուն: Այդ ախտին տարրերն են` օտար եզրերու, հասարակ տեղիք, գեղջկական ասոյթներու առատ օգտագործումը եւ լեզուական ընդունուած, ամրագրուած օրէնքներու օրաւուր ոտնակոխումը:

Մէկ խօսքով, Արմենակին պահապանի դերը չէր սահմանափակուած միայն արեւմտահայերէնով, այլ անոր համար ԼԵԶՈ՛ՒՆ, իր ամբողջութեա՛ն մէջ, արժէք եւ ԱՒԱՆԴ էր, որուն վրայ պէտք էր ԳՈՒՐԳՈՒՐԱԼ կարելի բոլոր միջոցներով: Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ին արեւմտահայերէնի փոխադրումի իր աշխատանքէն շատ առաջ, ան լա՛ւ ըմբռնած էր մեծ հայուն սրտցաւ խօսքերը, որոնք տեղ գտած են հատորին մէկ էջին մէջ. «Լեզուն որ չըլլի, մարդս ինչի նման կ՛ըլլի», աւելի՛ն, պէտք չէ լեզուներու աղցանի վերածել հայերէնը: Սա ինքնին մէկ հեռաւոր արձագանգն էր Մեծն Մաշտոցի առաքելութեան եւ գործին:

Քանի կը խօսինք մեր լեզուին հանդէպ Արմենակի սիրոյն եւ պաշտամունքին մասին, կ՛արժէ, որ աւելցնենք կէտ մըն ալ: Ան ո՛չ միայն քաջածանօթ էր արդի հայերէնին, այլ խորացած էր գրաբարի ծովուն մէջ, ուսումնասիրած` մեր լեզուի զարգացման եւ կտրած փոփոխութիւններուն, ըսենք նաեւ` բարեփոխումներու փուլերը: (Կարելի է երկար խօսիլ նաեւ այլ լեզուներու անոր իմացութեան եւ որոշ հմտութեան մասին): Օր մըն ալ հասաւ այն եզրակացութեան, որ մեր լեզուական շատ մը տագնապները, սայթաքումները, վրէպները կրնան ինքնաբերաբար լուծուիլ, եթէ վերադառնանք Մաշտոցի լեզուին, այսինքն վերականգնենք գրաբարը` իբրեւ գրաւոր եւ բերանացի հաղորդակցութեան գործիք: Այս տեսութիւնը նորութիւն չէ, անցեալի՛ն ալ, ժամանակակիցներո՛ւն մէջ ալ կան նման մտածողութեան հաւատացողներ: Այս առնչութեամբ ալ ազնիւ վէճ ունեցած ենք իրեն հետ, առարկելով` որ Մաշտոցի դարերէն ասդին, ո՛չ միայն ահագին ջուր անցած է կամուրջին տակէն, այլ գետին հունը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է, ջուրէն մաս մըն ալ… շոգիացած, թէ` կարելի չէ պատմութեան անխուսափելի պարտադրանքներուն դէմ ելլել (Պետրոս Գետադարձ ալ չունինք այլեւս…): Բնականաբար դժուար էր Արմենակը տարհամոզել կարգ մը հաւատալիքներուն մէջ: Իր հայեցակէտով, իրաւունք ունէր, սակայն գործնապէ՞ս… (Տեղին չէ անդրադառնալ այլ տարակարծութիւններու):

Սփիւռքեան Արժէք` Բանասէրը

Արմենակի արժանիքներուն գնահատականը ընողները առաւելաբար նկատի ունին ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ` ուղիղ հունին զարգացման եւ պահպանման մէջ պահակի՛ դերը: Ըսինք արդէն: Արդար են այդ գնահատումները: Կայ, սակայն, դաշտ մը, որ մնացած է յիշեալ «արեգակ»-ին լուսանցքին վրայ. այդ ալ, բանասէր եւ մտաւորական Արմենակն է: Այս մօտեցումով կրնանք ամենայն վստահութեամբ կոչել ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ արժէք, պրպտող միտք, որուն նմանները աւելի առատ են հայրենի երկինքին տակ, հետեւաբար զինք կը դարձնէ համահայկական արժէք:

Խաչատուր Աբովեանի պատմական վէպին արեւմտահայերէնի փոխադրումին մասին բազմաթիւ արձագանգներ եղած են, չենք ուզեր կրկնութիւն ընել: Անոր քովն ի վեր կան այլ թանկարժէք գործեր:

2005-ին լոյս տեսած անոր հատորը, որ լուսարձակ կը բերէ մեր տառերուն սկզբնաղբիւրներուն վրայ, ուշագրաւ եւ հորիզոններ ընդարձակող աշխատութիւն է: Չենք գիտեր, թէ այդ հատորին պատրաստութիւնը որքա՛ն ժամանակ խլած է իրմէ (այդ տարիներուն հանգստեան չէր կոչուած), սակայն պէտք է ընդգծել, որ Արմենակը պէտք է յիշուի նա՛եւ այդ գործով: Անոնք, որոնք ծանօթ են գործին, պիտի յիշեն, որ Արմենակը հանքագործի պէս պեղումներ կատարած է եւ հասած` այն կէտին, որ Մեսրոպ Մաշտոց հայ տառերու ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ մէջ օգտագործած է եթովպիական տառերը: Հատորը գիտական ուսումնասիրութիւն մըն է, բազմաթիւ տախտակներու եւ բաղդատականներու ճամբով ան կը հիմնաւորէ իր գտածները: Հոս կայ զուարճալիքի բաժին մը. մեր մամուլին մէջ երբեմն երեւցած են «տեսութիւններ», ըստ որոնց, եթովպիական տառերուն հնարիչը… մեր Մաշտոցն է (առիթով մը նման սիւնակէ մը տողեր հասցուցի իրեն, պատասխանեց ծիծաղով: Ինչպէ՞ս կարելի է նման տգէտ հաստատում ընել, գրած էր, երբ եթովպիական տառերը գործածութեան մէջ էին Քրիստոսէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ…):

Վերադառնալով Արմենակի լեզուագիտութեան արժանիքին, պէտք է արձանագրել նաեւ «Ուղեցոյց»-ին շուքին մէջ մնացող դաշտ մը: Արմենակը իր այս գիտելիքները ի սպաս դրած է բազմաթիւ գրողներու` սրբագրելով եւ խմբագրելով ընդհանրապէս յուշագրական հատորներ (բոլորին ծանօթ չենք): Լոյս տեսածներուն մէջ հեղինակները երախտիքի խօսք արձանագրած են:

Արմենակը տաժանակիր աշխատանք տարած է նաեւ ցարդ անտիպ հատորներու պատրաստութեան համար: Մեզի ծանօթ են գոնէ երկուքը: Մէկը` Մեսրոպ Մաշտոցի «Յաճախապատում ճառք»-ի արեւմտահայերէնի փոխադրումն է (արեւելահայերէնը կարելի է գտնել համացանցի ճամբով), որուն վրայ աշխատած է երկար: Երկրորդը Տիրան Կարապետ Տաղստանեան անունով հայրենադարձի մը (ներգաղթի օրերուն) ոդիսականն է, յուշագրական, վիպանման հատորը, զոր, իր իսկ վկայութեամբ, վերամշակած է, ամփոփած ու վերախմբագրումի ենթարկած (բնագիրը մօտաւորապէս հազար էջ է, մեքենագրուած, Արմենակի վերամշակումը զայն սեղմած է շուրջ 500 էջի մէջ): Ասոնք կը սպասեն հրատարակումի: Եթէ վերջինը իրականանայ, ընթերցողը զուգահեռներ պիտի տեսնէ Սանինեանի «Ես յանցանք գործեցի», Մահարիի «Ծաղկող փշալարեր», Մ. Արմէնի «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ» ու նման հատորներու էջերէն ծանօթ` ողբերգական ոդիսականներու հետ, այն տարբերութեամբ, որ այս հայորդին Սիպերիան չէ ճաշակած, այլ ինկած է թուրքին ճիրաններուն մէջ:

Գոնէ պէտք է արագ նշում ընել մէկ քանի այլ յատկանիշներուն: Մեր, նաեւ միջազգային գրականութեան (մասնաւորաբար` դասականներու) երկրպագու մըն էր (թէեւ մեծ համակրանք չունէր իբրեւ նորարար հրապարակ եկող գրողներու հանդէպ): Իր առաքումները յաճախ կը համեմուէին գրողներու գոհարներէն արտատպումներով: Բազմաթիւ լեզուներու հմտութեան կողքին, թրքերէնի իր իմացութիւնն ալ ատեն մը առաջ ներկայացաւ յօդուածաշարքով մը:

Կարելի՞ է աւելին գրել Արմենակին մասին. բնականաբար` այո՛, ու հոս կը ձայնակցիմ բոլոր անոնց, որոնք գրեցին եւ չբաւարարուեցան իրենց գրածով: Այս տողերը արդեօք յաջողեցա՞ն քանի մը գիծ աւելցնել Արմենակին ծանօթ դիմաստուերին վրայ, այդ ալ պիտի դատեն ընթերցողն ու զինք ճանչցողները: Կը մնայ ըսել, որ անոր մեկնումով ո՛չ միայն իր ընտանիքն ու անմիջական շրջանակը, Լիբանանի հայութիւնը կորսնցուցին թանկարժէք հայ մը, մեր լեզուին մէկ բդեշխը, այլ ամբողջ հայութիւնը կորսնցուց ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ու համահայկական արժէք մը, որուն շուրջ հազարի հասնող` ե-նամակի հասցէակիցներուն, նաեւ անհատական հաղորդակցութիւն պահողներուն մէջ երկար պիտի մնայ անոր առաքումներուն կարօտը, պիտի զգացուի ստեղծուած բացը:

Անշուշտ կը մնայ գլխագիր հարցում մը. անոր աւանդը` լեզուի ճիշդ գործածութեան պատգամը իրականացնողներուն փաղանգը, պիտի ուռճանա՞յ, որպէսզի Արմենակն ալ ըսէ. «Գիտցէ՛ք, որ դեռ կենդանի եմ»: Մեր պատասխա՞նը. պէտք է կենսագործել այդ աւանդը:

 

 

 

Leave a Comment