Խորհրդարանը Օրէնսդրական Նիստ Մը Գումարեց

Երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով գումարուեցաւ օրէնսդրական նիստ, երբ խորհրդարանի օրինաթիւը գոյացաւ։ Արդարեւ, 67 երեսփոխաններ ներկայ գտնուեցան նիստին։

Խորհրդարանը վաւերացուց հարաւային Լիբանանի մէջ ենթակառոյցներու վերաշինութեան համար Միջազգային դրամատունէն 250 միլիոն տոլարի փոխատուութեան համաձայնութեան օրինագիծը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի նկատումները նկատի ունենալէ ետք՝ դատական համակարգի կարգաւորման օրէնքը։

Երեսփոխանները նաեւ վաւերացուցին թիւ 9137 հրամանագիրին մէջ նշուած եւ կառավարութեան Լիբանանի եւ Սուտանի միջեւ եկամուտի եւ դրամագլուխի վրայ հաստատուած տուրքերու վճարումէն խուսափելու համաձայնութիւն տուող թիւ 114/2004 օրէնքի ջնջման օրինագիծը։

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը նիստի սկիզբը կոչ ուղղեց՝ արդարութիւն կատարելու պետական մարզին մէջ եւ բարելաւելու անոր բոլոր պաշտօնեաներուն աշխատանքային ու ապրուստի պայմանները։

Պլոքը նաեւ նիստի ընթացքին սեղանի վրայ դրաւ պետական մարզի հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներու թղթածրարը՝ յիշեցնելով «անոնք արդարութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը»։

Խորհրդարանը նաեւ որդեգրեց 2018 թուականի հոկտեմբեր 10-ի թիւ 80 օրէնքի 28-րդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկող թիւ 1215 որոշումին մէջ ընդգրկուող օրէնքի նախագիծը, որ կը վերաբերի կարծր թափօններու համարկուած կառավարման ֆինանսաւորման աղբիւրներուն, եւ զայն բարեփոխեց, որմէ ետք Պըրրի փակեց նիստը։

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նիստէն ետք յայտնեց, որ որդեգրուած բոլոր օրէնքները ուժի մէջ մտած են։

Ան ըսաւ, որ եթէ արտերկրի լիբանանցիներուն 128 երեսփոխաններու քուէարկելու համար վերստին պայմանաժամ ճշդելու ընտրանքին դիմենք, ստիպուած պիտի ըլլան խորհրդարանական ընտրութիւնները թեքնիք երկարաձգման ենթարկելու։

Պու Սաապ նշեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նախանձախնդիր է, որ սահմանադրական որեւէ հաստատութեան աշխատանքը չխափանուի, եւ երբ Հզօր հանրապետութիւն պլոքին չափով խմբակցութիւն մը նիստէն կը բացակայի, ատիկա թերութեան մասին կը վկայէ։

Leave a Comment