Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Վերջին ամիսներուն ընթացքին Ուքրանիոյ հետ կռիւի բոլոր ճակատներուն վրայ յառաջխաղացք արձանագրեցինք, եւ ռուսական ուժերը 2025 թուականի ընթացքին աւելի քան 300 քաղաքներ եւ գիւղեր ազատագրեցին»։
«Լաւ գիտենք, թէ ՕԹԱՆ-ի մէջ հզօր պետութիւններ կը կանգնին Ուքրանիոյ ետին եւ անոր զէնքեր ու մարտական սարքեր կը տրամադրեն», նշեց ան։
«ՕԹԱՆ կը շարունակէ Քիեւին օժանդակել, անոր հետախուզական տեղեկութիւններ կը տրամադրէ եւ խորհրդականներ կը ղրկէ», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը։
«Ռուսական բանակը մօտ օրէն իր սպառազինութեան մէջ պիտի առնէ անդրձայնային նոր հրթիռներ, եւ նաւատորմիղի կարողութիւնները կþամրապնդենք։ Արտադրեցինք նոր սուզանաւեր, ներառեալ սուզանաւեր, որոնք կրնան հրթիռներ կրել», ըսաւ ան։
«Եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի, պիտի ստիպուինք մեր պատմական հողերը զինուորական ճամբով ազատագրելու, եւ պիտի ընդլայնենք ապազինեալ գօտիները», շեշտեց Փութին։
«ՕԹԱՆ-ը եռանդուն աշխատանք կը տանի իր յարձակողական ուժերը կառուցելու եւ արդիականացնելու, եւ ներառեալ անջրպետի մէջ զէնքերու նոր տեսակներ տեղակայելու համար», նշեց Ռուսիոյ նախագահը։