Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սիտնիի մէջ հրէական Խանուկայի՝ «Լոյսերու փառատօն»-ի նշման ընթացքին 15 անձերու սպանութենէն օրեր ետք, «ծայրայեղական իսլամական ահաբեկչութեան» դէմ միջազգային պատերազմի կոչ ուղղեց։
Թրամփ Խանուկայի տօնին առիթով Սպիտակ տան մէջ ընդունելութեան ընթացքին ըսաւ. «Պէտք է բոլոր պետութիւնները դէմ դնեն ծայրայեղական իսլամական ահաբեկչութեան չարիքի ուժերուն, եւ մենք այդ մէկը կը կատարենք»։
Թրամփ նաեւ նշեց. «Միջին Արեւելքի մէջ իսկական խաղաղութիւն ունինք, եւ կրնան մերթ ընդ մերթ կարգ մը դէպքեր պատահիլ»։
«Ունինք 59 պետութիւններ, որոնք խաղաղութեան համաձայնութիւն ստորագրեցին, խաղաղութիւն կþուզեն, եւ անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընեն», աւելցուց ան։
«Իսրայէլին շատ բան տուի, եւ միշտ պիտի շարունակեմ հրեայ ժողովուրդին բարեկամ եւ պաշտպանող մնալ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը։
«Ամէնէն հզօր լոպին հրէական լոպին էր, սակայն ասիկա այլեւս ճիշդ չէ, որովհետեւ Քոնկրեսը սկսած է դէպի հակասեմականութիւն ուղղուիլ», նշեց Թրամփ։