Լոնտոն Հրապարակեց Լիբանանի Մէջ Ընդարձակ Տարածքներ Ներառող Լիբանան Ճամբորդելու Նախազգուշացման Թարմացուած Տարբերակը – Aztag Daily

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Լիբանան ճամբորդելու վերաբերեալ իր նախազգուշացումներու թարմացուած տարբերակը, որ կը ներառէ նշում երկրի ընդարձակ տարածքներու, որոնք կը ներառեն Պէյրութի մէջ մեծ շրջաններ, Հարաւային արուարձանները, հարաւային Լիբանանի գաւառները, Նապաթիէն, Պեքան, Պաալպեք-Հերմելը, հիւսիսային Լիբանանը, Աքքարը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայանները՝ ընդգծելով, որ հակառակ 27 նոյեմբեր 2024 թուականի զինադադարի համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելուն, «կացութիւնը տակաւին անկայուն է»։

Նախարարութիւնը նշեց, որ կը խրատէ որոշ շրջաններ բացարձակապէս չայցելել, իսկ այլ շրջաններ՝ միայն առաւելագոյն անհրաժեշտութեան պարագային։

 

 

Leave a Comment