Այցելելով Պաապտայի Պալատ՝ Պու Սաապ. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Դեսպաններու Նշանակման Մասին Խօսակցութիւնները Լրատուական Խօսակցութիւններ Են» – Aztag Daily

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ դեսպան Սիմոն Քարամէն զատ այլ դեսպաններ նշանակելու մասին խօսակցութիւնները լրատուական խօսակցութիւններ են, եւ այլ անուններու յաւելման որեւէ պահանջ չեղաւ»։

«Հանրապետութեան նախագահին «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին հետ դեսպան Սիմոն Քարամի ճամբով աշխատանքը յուսադրող ու յարմարաւէտ է, եւ աւելի քան լաւ», նշեց ան։

Անդրադառնալով նախագահին հետ հանդիպումին՝ խորհրդարանի փոխնախագահը ըսաւ. «Քննարկեցինք խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ ներկայիս անոր ճամբուն կանգնած խոչընդոտները, որովհետեւ բանավէճերն ու իրարու մարտահրաւէր կարդալը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման չեն յանգեցներ»։

«Կարելի չէ ընտրական օրէնք որդեգրել առանց քաղաքական համաձայնութեան։ Գոյութիւն ունի պայմանաժամերը վերստին ճշդելու ուղղուածութիւն մը, ինչ որ ամէն պարագայի ընտրութիւններու թեքնիք յետաձգում կը նշանակէ», աւելցուց Պու Սաապ։

 

 

 

Leave a Comment