Պայրագտարեան Ընդունեց Օդի Մարզաձեւերու Նորաստեղծ Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Վարչութիւնը – Aztag Daily

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց օդի մարզաձեւերու նորաստեղծ լիբանանեան ֆետերասիոնի վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի նախագահ Պուլոս Նասսարը, փոխնախագահ Սուհա Թահումին, քարտուղար Սալլում Մալահեպը, հաշուապահ Սարգիս Ճերեճեանն ու այլ անդամներ։

Պատուիրակութիւնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց երկարամեայ խոստումներէ, սպասումներէ եւ պահանջներէ ետք վերջերս ֆետերասիոնի հաստատման համար՝ ընդգծելով, որ ատիկա միայն Պայրագտարեանի պաշտօնավարութեան ժամանակ իրագործուեցաւ։

 

 

Leave a Comment