Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երեսփոխաններուն կոչ ուղղեց՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այսօր հրաւիրած օրէնսդրական նիստին չմասնակցելու։
Ան երեսփոխաններուն քուէարկած եւ արտերկրի լիբանանցիներուն 128 երեսփոխաններու քուէարկելը ուզող բոլորին կոչ ուղղեց՝ երեսփոխաններուն վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի նիստին ներկայ չգտնուին։ «Ասիկա միւս կողմին պնդածին նման խորհրդարանի աշխատանքի խանգարում չէ, այլ ընդհակառակն՝ այդ աշխատանքի կենդանացում», նշեց ան։
«Պըրրիի վարուած կերպով խորհրդարանը վերածուած է կարծէք իրեն պատկանող ագարակի, եւ ասիկա անընդունելի է», ըսաւ Ժահժահ՝ աւելցնելով. «Առանց խորհրդարանի ճիշդ ձեւով գործելուն, պետութեան մէջ աշխատանքը չի կրնար շտկուիլ։ Երբ խորհրդարանի նախագահը ո՛չ սահմանադրութիւնը, ո՛չ ներքին կանոնադրութիւնը, ո՛չ ալ երեսփոխանական մեծամասնութեան տեսակէտը նկատի կþառնէ, ինչպիսի՞ խորհրդարան է ասիկա։ Ասիկա իսկական խորհրդարան չէ»։
Աւելի ուշ ան նաեւ նշեց. «Ապրուստի պայմաններուն վերաբերող օրէնքներու գոյութիւնը մատնանշելով, ոմանց վաղուան նիստին մասնակցիլը արդարացնելու պատրուակները անտեղի են»։