Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ին Առնչուող Լաւատեսութեան Պատճառներ Չկան, Սակայն Կայ Ատոր Փլուզումէն Խուսափելու Կարելիութիւն» – Aztag Daily

Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) առնչուած լաւատեսութեան պատճառներ չկան, սակայն տակաւին ԵԱՀԿ-ի փլուզումէն խուսափելու կարելիութիւն կայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ի մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ:

«Կ՛ընդգծեմ` լաւատեսութեան պատճառներ չկան: Փապուղիի վերջը լոյս չկայ: Սակայն գոնէ առայժմ ԵԱՀԿ-ի փլուզումէն խուսափելու կարելիութիւն կայ», նշած է Լաւրով:

Ան շեշտած է, որ ատիկա կը պահանջէ, որ կազմակերպութեան բոլոր անդամները վերադառնան Հելսինքեան սկզբունքներուն` հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութեան:

Յիշեցնենք, որ 1 դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ը պաշտօնապէս յայտարարած է Մինսքի հոլովոյթի եւ ատոր կից կառոյցներու փակման մասին:

 

 

Leave a Comment