«Ռուսիան Եւրոպայի Եւ Ամբողջ Արեւմտեան Աշխարհի Համար Թիւ Մէկ Սպառնալիքն Է» Կ՛ըսէ Ֆինլանտայի Նախագահը

Ռուսիան Եւրոպայի եւ ամբողջ արեւմտեան աշխարհի համար թիւ մէկ սպառնալիքն է: Այս մասին յայտարարած է Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպ:

«Յիշեցէ՛ք, թէ 1300 թուականէն սկսեալ մենք Ռուսիոյ հետ շուրջ 30 ճակատում կամ պատերազմ ունեցած ենք: Ան փորձած է Ֆինլանտա ներխուժել: Մենք միակ դրացի երկիրն էինք, որ կրցաւ պահպանել իր գերիշխանութիւնը` կորսնցնելով իր տարածքին 10 առ հարիւրը», նշած է Ֆինլանտայի նախագահը:

 

 

Leave a Comment