Միջազգային Դաշինքի Հետ Գործակցաբար ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջներու Հետապնդման Ապահովական Արշաւ

Փալմիրի մէջ ամերիկեան եւ սուրիական միացեալ ուժի մը վրայ յարձակումէն ետք, սուրիական ապահովական ուժերը Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին հետ գործակցաբար ՏԱՀԵՇ-ի բջիջներու հետապնդման արշաւ մը շղթայազերծեցին: Այս մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը:

Յիշեցնենք, որ յարձակումին պատճառով երեք ամերիկացիներ` երկու զինուորներ ու քաղաքային թարգմանիչ մը մահացած էին:

Սուրիացի պաշտօնատարը յայտնած է, որ ներկայիս սուրիական անապատին, մասնաւորաբար Փալմիրի մէջ ընթացքի մէջ է ապահովական արշաւ մը` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի ուժերու հետ գործակցաբար ՏԱՀԵՇ-ի բջիջները հետապնդելու համար:

 

 

Leave a Comment