Սիտնիի Ծովեզերքին Վրայ Ահաբեկչական Յարձակում Մը 12 Զոհ Պատճառեց

Սիտնիի հռչակաւոր Պոնտի ծովեզերքին վրայ հրէական Լոյսերու տօնի նշման ընթացքին հրացանաձգութիւն մը 12 զոհ պատճառեց: Աւստրալիական ոստիկանութիւնը յարձակումը ահաբեկչական որակեց եւ յայտարարեց, թէ ձերբակալած է արարքին հեղինակներէն մէկը եւ մէկ ուրիշը վնասազերծած:

Ոստիկանութիւնը նաեւ նշեց, թէ յարձակումը պատճառած է 12 զոհ եւ շուրջ 30 վիրաւոր:

Ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ կասկածելիներէն մէկը փաքիստանեան արմատներով Նաֆիտ Աքրամն է:

Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեսերիզներ ցոյց տուին անցորդ մը, որ կը յաջողի դէմ դնել յարձակումի մասնակիցներէն մէկուն եւ անկէ խլել զէնքը: Աւստրալիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ան Ահմատ Ահմատ անունով իսլամ մըն է, որ երկու փամփուշտ ստացած է եւ այժմ կը դարմանուի:

 

 

Leave a Comment