Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի հանրապետական անդամ Լինտսի Կրահամ նշեց. «Ժամանակն է ահաբեկիչ Մատուրոյի (Վենեզուելայի նախագահ, «Ա.») վարչակարգին վերջ տալու եւ վենեզուելացի ժողովուրդը բռնատիրութենէն փրկելու»:
Ազդեցիկ ծերակուտականը նշեց, որ ինք մեծապէս կը զօրակցի Վենեզուելայի ծովափին մօտ գտնուող քարիւղատար նաւը գրաւելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին:
«Գրաւուած քարիւղատար նաւը կ՛օգտագործուէր Վենեզուելայի քարիւղը պատժամիջոցներու ենթակայ Իրան փոխադրելու համար», ըսաւ Կրահամ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Մենք տակաւին նոր Վենեզուելայի ափերուն մօտ քարիւղատար նաւ գրաւած ենք, քարիւղատար շատ մեծ նաւ, երբեւէ գրաւուած քարիւղատար նաւերուն մեծագոյնը: Կան այլ բաներ, այնպէս, որ դուք ատիկա պիտի տեսնէք աւելի ուշ եւ պիտի քննարկէք այլ մարդոց հետ»:
Ան աւելի ուշ լրագրողներուն ըսած է. «Անիկա գերի վերցուած է շատ ծանրակշիռ պատճառով»:
Թրամփի յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Փեմ Պոնտի ընկերային ցանցերու վրայ նշեց, որ քարիւղատար նաւը տարիներ շարունակ պատժամիջոցներու տակ եղած է «օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող անօրինական քարիւղի առեւտուրի ցանցին մասնակցելուն» համար:
Ի պատասխան քարիւղատարի գրաւման` Վենեզուելա հրապարակած էր յայտարարութիւն, որով կը դատապարտէր Թրամփը` ընդգծելով, որ անոր նպատակը միշտ ալ եղած է վենեզուելական քարիւղը առանց որեւէ փոխհատուցման գրաւելը: