Ուքրանիան Խաղաղութեան Ծրագիրի Վերջին Տարբերակին Վերաբերեալ Իր Պատասխանը Փոխանցած Է Միացեալ Նահանգներուն

Ուքրանիան, եւրոպացի դաշնակիցներու հետ քանի մը օր տեւած խորհրդակցութիւններէ ետք, խաղաղութեան ծրագիրի վերջին տարբերակի վերաբերեալ իր պատասխանը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքսիոս»-ը` յղում կատարելով ուքրանացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն:

Փաստաթուղթը Միացեալ Նահանգներու պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆին եւ Ճարետ Քուշներին յանձնած է Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուսթամ Ումերով:

Ուքրանացի պաշտօնատարներէն մէկը նշած է, որ պատասխանը կը ներառէ մեկնաբանութիւններ եւ առաջարկներ` այս ամէնը իրագործելի դարձնելու համար:

Աւելի՛ն, ան աւելցուցած է, թէ փաստաթուղթը կը բովանդակէ գաղափարներ` լուծելու համար վիճելի հարցեր` ինչպիսիք են տարածքը եւ Զապորոժիէի հիւլէական կայանը:

ԱՖՓ եւս հաղորդեց, որ Ուքրանիան իր պատասխանը փոխանցած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց. «Ամերիկային յանձնեցինք ռուսական առաջարկներ, որոնք անվտանգութեան հաւաքական երաշխիքներ կ՛ապահովեն»:

Leave a Comment