24 երեսփոխաններ երեքշաբթի օր խորհրդարանի նախագահութեան ճամբով կառավարութեան ներկայացուցած են հարցում մը Կիպրոսի հետ ծովային սահմանագծման շուրջ համաձայնութեան կնքման վերաբերեալ: Անոնք այդ համաձայնութիւնը հակասահմանադրական կը նկատեն, որովհետեւ կնքուած է նախքան սահմանադրութեան 52-րդ յօդուածին հիմամբ զայն խորհրդարանին ներկայացնելն ու անոր հաւանութիւնը ստանալը:
Երեսփոխանները խորհրդարանի նախագահութենէն պահանջեցին հարցումը ուղղել կառավարութեան, որպէսզի օրէնքով ճշդուած պայմանաժամի ընթացքին պատասխանէ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի այն պատճառներուն, որոնք կառավարութիւնը մղած են նշեալ համաձայնութիւնը կնքելու առանց խորհրդարանին դիմելու, հակառակ համաձայնութեան գերիշխանական բնոյթին, ծովային սահմաններու եւ Լիբանանի հանրապետութեան տնտեսական իրաւունքներուն վրայ անոր ազդեցութեան:
Դիմումին համահեղինակ երեսփոխաններն են Նաժաթ Աունը, Ուսամա Սաատը, Ժամիլ Սայետը եւ Սալիմ Սայեղը: