Եկեղեցին հաւատքի վրայ հիմնուած ժողովուրդ է եւ ո՛չ թէ սոսկ շէնք կամ վարչական կեդրոն է. Արամ Ա

Արամ Ա Վեհափառը հանդիպել է Լիմասոլում հայ համայնքին

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, ժամանեց Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքը, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան։ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Յովհաննէս Ծայրագոյն Վարդապետ Սաղտըճեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն եւ հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ: Աղուհացի աւանդական օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ դպրաց դասը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ հայրապետական թափօրը առաջնորդեց եկեղեցւոյ դաս, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։

Leave a Comment