Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ:

Հանդիպումը յատկացուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման եւ Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւններու քննարկման:

Սալամ Տոհայի մէջ նաեւ հանդիպում ունեցաւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյցի հետ եւ զինք հրաւիրեց Լիբանան այցելելու:

Համաձայնութիւն գոյացաւ յառաջիկայ տարի անոր Պէյրութ այցելութեան կարելիութեան շուրջ քննարկումը շարունակելու յունուարին:

Leave a Comment