Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Որեւէ Պահու Կարելի Է»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ այն ձեւակերպումը, թէ Փութին մերժած է Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան ծրագիրը, սխալ է:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները  պէտք է կարելի եղածին չափ լռութեան մէջ վարուին:

«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը որեւէ պահու կարելի է, սակայն առայժմ պէտք է փորձագիտական մակարդակով արդիւնքներու հասնիլ», նշած է Փեսքով:

Leave a Comment