Լիբանան-Իսրայէլ Ուղղակի Բանակցութիւններու Կոչ Ուղղելով` Պարրաք. «Հըզպալլան Կարելի Չէ Բռնի Ուժով Զինաթափել»

Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք նշեց. «Հըզպալլան կարելի չէ բռնի ուժով զինաթափել», եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կոչ ուղղեց: «Սքայ Նիուզ Արապիա» հաղորդեց, որ ան այս մասին յայտարարած է Ապու Տապիի մէջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին:

Պարրաք «չափազանց մեծ մտահոգութիւն» յայտնած է Լիբանանի մէջ պատերազմի վերադարձէն:

Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ ան նշած է, որ Թուրքիան կը մօտենայ շրջանցելու այն գլխաւոր խոչընդոտը, որ արգելք կը հանդիսանայ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներ գնելուն:

Ամերիկացի պատուիրակը բացատրած է, թէ Թուրքիոյ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ունենալը «տակաւին Ուաշինկթընի համար խնդիր է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիան մօ՞տ է ռուսական համակարգերէն ձերբազատուելուն, Պարրաք ըսած է. «Այո՛»:

 

Leave a Comment