Թրամփ. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլ Սուրիոյ Հետ Ուժեղ Եւ Իսկական Երկխօսութիւնը Պահպանէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շեշտեց. «Շատ կարեւոր է, որ Իսրայէլ Սուրիոյ հետ ուժեղ եւ իսկական երկխօսութիւնը պահպանէ, եւ Իսրայէլ Սուրիոյ բարգաւաճ պետութիւն վերածուելուն հակասող որեւէ բան պէտք չէ կատարէ»:

Թրամփ նշեց, որ սուրիական կառավարութեան օգնած կարեւոր բաներէն մէկը Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումն է:

Սպիտակ տունը ըսաւ, որ պատժամիջոցներու ջնջումը Սուրիոյ, անոր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին կողմէ մեծ գնահատումի արժանացաւ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ ընդունած է Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքը, որուն հետ քննարկած է շրջանին մէջ վերջին զարգացումներն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը:

 

 

Leave a Comment