Սալամ. «Թող Պապին Այցելութիւնը Աշխարհին Յիշեցնէ Լիբանանի Խաղաղութիւնն Ու Բարգաւաճումը Վերականգնելու Անհրաժեշտութեան Մասին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Բոլոր լիբանանցիները, իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով, կ՛ողջունեն նորին սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. պապը: Եթէ անոր Լիբանան այցելութիւնը նախ եւ առաջ եկեղեցական իրադարձութիւն է, սակայն անիկա նաեւ անոր տառապող ժողովուրդին, մասնաւորաբար անոր երիտասարդութեան եւ խաղաղութեան ձգտումին ու իրաւունքին զօրակցութեան այցելութիւն է:

«Անոր հետ հանդիպումիս ընթացքին անոր ներկայացուցի Լիբանանը իր ճգնաժամէն փրկելու կառավարութեան ջանքերը, եւ անհրաժեշտութիւնը աշխուժացնելու ջանքերը անոր կայունութիւնը եւ անոր բոլոր զաւակներուն անվտանգութիւնը ապահովելու:

«Թող այս այցելութիւնը լաւ ազդեցութիւն ունենայ լիբանանցիներու սրտերուն եւ մտքերուն վրայ եւ նպաստէ աշխարհին յիշեցնելու Լիբանանի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին»:

Վարչապետը երէկ Պիելի մէջ Լեւոն ԺԴ. պապի պատարագէն առաջ ալ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ բոլորս ալ սէր եւ գործընկերութիւն ենք, եւ ամբողջ շրջանին մէջ խաղաղութեան հետ»:

«Լիբանանի վրայ միշտ ալ վախ կայ, սակայն անհրաժեշտ ամէն ինչ կը կատարենք որեւէ մագլցում կամ պատերազմ կանխարգիլելու համար», նշեց Սալամ:

Leave a Comment