Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Արաղչի Իրանի Լիակատար Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանի Դիմադրութեան – Aztag Daily

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը քննարկած են շրջանային զարգացումները եւ անհրաժեշտութիւնը շրջանի երկիրներուն միջեւ համակարգումի ամրապնդման` Լիբանանի եւ շրջանի այլ երկիրներու վրայ սիոնական վարչակարգին կողմէ տիրապետութեան եւ պատերազմներու հրահրման ջանքերը դիմակայելու համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Իրանի տեւական նախանձախնդրութիւնը յայտնած է Լիբանանի ազգային գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման նկատմամբ` ընդդէմ իսրայէլեան վարչակարգի յարձակումներուն:

Ան ընդգծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան լիակատար աջակցութիւնը բռնագրաւումին լիբանանեան քաջարի Դիմադրութեան նկատմամբ` ընդդէմ սիոնական վարչակարգի բռնագրաւումին ու յարձակումներուն:

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը իր կարգին իր գնահատանքը յայտնած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ ներկայացուցած է հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող կացութիւնը:

Պըրրի Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած ոճիրները նշելով` յիշեցուցած է միջազգային ընտանիքին ու իսլամական պետութիւններուն Իսրայէլի օրէնքի խախտումները դադրեցնելու, ոճրագործները հաշուետուութեան ենթարկելու եւ պատժելու իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւնը:

 

 

Leave a Comment