ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Աշխարհի վրայ կան բառեր, զորս լսելու պահուն իսկ ջերմութիւն կը տիրէ մարդուն հոգիին մէջ: Այդ բառերուն ամէնէն խորիմաստը եւ հնչեղը ՄԱՅՐ բառն է:
Մայրը միայն կեանք տուող էակ մը չէ, այլ ամէնէն թանկ եւ անփոխարինելի, կեանքը իմաստաւորող, պաշտպանող եւ սիրով սնուցանող անձնուէր նուիրեալ մը:
Մօր մը սէրը չափ ու սահման չունի: Անշահախնդիր սէր է անիկա, որ ոչ մէկ բանէ կախեալ է:
Մա՛յրը միայն պատրաստ է իր հանգիստը, քունն ու երազները զոհելու յանուն իր զաւակներուն:
Մայրը` որպէս առաջին դաստիարակ, զաւկին հոգիին մէջ կը սերմանէ բարութեան, ազնուութեան սերմերը, ինչպէս նաեւ բարոյական արժէքները:
Իմ մայրս` Ուիտատ Յարութիւնեան, աշխարհի լաւագոյն, համբերատար ու բարի էակն էր, մեր տան լոյսն ու ջերմութիւնը, հոգատարութեան մարմնաւորումը: Զաւակներուն նկատմամբ անհուն սէր կը տածէր ան` միշտ հետամուտ ըլլալով, որ անոնք ըլլան ուրախ, յաջողած, առողջ եւ հանգիստ: Հակառակ իր տեղացի ըլլալուն, մայրս շատ մեծ ջանք թափեց, սորվեցաւ հայերէն, խօսեցաւ մեզի հետ հայերէն, մեզի տուաւ հայեցի դաստիարակութիւն, ղրկեց հայկական վարժարան, ակումբ եւ սորվեցուց սիրել հայրենիքը: Փաստն այն է, որ իր միակ որդին իր մասնակցութիւնը բերած է 1990-ական թուականներուն Արցախեան ազատամարտերուն:
Ան ԼՕԽ-ի Արագած մասնաճիւղի անդամ էր եւ գործունեայ տարր: Ան տարիներ շարունակ շրջանի ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերած էր` կատարելով իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Սակայն վերջին շրջանին, սրտի հիւանդութեան եւ վիրահատութեան պատճառով հեռու մնաց ժողովներէն եւ աշխատաքներէն, բայց եւ այնպէս ԼՕԽ-ը միշտ մօտիկ մնաց անոր սրտին: Ինք բարի էր ու բարին կը կամենար բոլորին, իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ ալ բարիք ընելով կը փորձէր բարելաւել ուրիշներու կեանքը:
Մօր մը աղօթքները կը դառնան այն կայուն հիմքը, որուն վրայ կը կառուցուի զաւկին ապագան: Մայրս շատ հաւատացեալ կին էր: Ան յատուկ ժամեր կը տրամադրէր աղօթքի, աչքերը կը յարէր երկինք եւ ամէն բանէ առաջ, իր անձնական խնդրանքներէն առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնէր Աստուծոյ ամէն ինչին համար, զորս Տէրը կը պարգեւէր իր ընտանիքին: Մեզ ալ կը դաստիարակէր այնպէս մը, որ աղօթքը կարեւոր տեղ ունենայ մեր կեանքին մէջ:
Մա՛մ, Մա՜մ ջան, շատ կը սիրեմ քեզ. շատ կարօտցած եմ, անսահման… Միշտ սրտիս ու մտքիս մէջն ես: Ինծի համար աշխարհի վրայ չկայ քեզի նման ՄԱՅՐ:
Սիրելինե՛ր, մայրերը արժանի են մեծարանքի, սիրոյ եւ յարգանքի, յաճախ անոնց ըսէք, թէ որքա՛ն սիրելի եւ թանկագին են ձեզի համար, որովհետեւ աշխարհի մէջ ոչ ոք պիտի սիրէ ձեզ, ինչպէս ձեր մայրերը:
Ինչպէս Յովհաննէս Շիրազ ըսած է. «Մօրս սրտի հետ աշխարհն եմ չափել` էլի մեծ էր նա, մեծ էր ու անգին»:
Մայրը բնութեան միակ հրաշքն է, որ նոյնիսկ մահուամբ չի բաժնուիր մեզմէ:
Մա՛յր իմ, որքան ալ փորձեմ բառերով արտայայտել իմ ունեցած սէրս քեզի հանդէպ, անոնք երբեք բաւարար պիտի չըլլան իսկական զգացումս փոխանցելու, սակայն այս տողերով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի` մայր իմ անուշ:
«Իմ անգին մայրիկ,
Դու իմ գանձն ես,
Իմ անգին մայրիկ,
Սիրտս քեզ է ձայնում,
Քեզ սիրում եմ շատ,
Իմ անգին մայրիկ
Միշտ կ՛մնաս իմ ներսում»:
Խունկ ու մոմ հոգիիդ:
Կարօտալի դուստրդ`
ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ