Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Յորդանանեան Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Հետ

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց շարքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հայսամ Զայատինի գլխաւորութեամբ յորդանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպանատան գործավարի տեղակալ Մոհամետ Մահատինի:

Ալամէ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ քննարկուած են Լիբանանի մէջ ապահովական ու քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ դիւանագիտական ու խորհրդարանական գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ կեանքի կոչելու կարելիութիւնները, մասնաւորաբար տնտեսական, շրջակայ միջավայրի, ուժանիւթի, ջուրի, առեւտուրի եւ առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ:

Ան նաեւ նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է ընդառաջելու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մօտ օրէն Յորդանան այցելելու պաշտօնական հրաւէրին:

 

Leave a Comment