Յայտարարութիւններ ( 8 Օգոստոս 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ`
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ
ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
(10-14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2026)

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երկուշաբթիէն հինգշաբթի` 10-13 օգոստոս 2026-ին, ամէն ԵՐԵԿՈՅ ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ, Սուրբ Աստուածածին վանքի Ուխտի օրուան առիթով պիտի մատուցուին ամէնօրեայ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ` միաբան հայրերու կողմէ, երգեցողութեամբ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒՆ, եւ մասնակցութեամբ` ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ: Սուրբ պատարագներու աւարտին տեղի պիտի ունենան ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ եւ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ:

Իսկ ուրբաթ, 14 օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան (Պիքֆայա) մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ, եւ ապա Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին դիմաց` ԱՆԴԱՍՏԱՆ եւ ԱՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ: Ապա, վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի հաւատացեալ ժողովուրդը եւ աջահամբոյրով տայ իր օրհնութիւնը:

Նոյն օրը` ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հսկումի արարողութիւն:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մասնակից դառնալու երեկոյեան սուրբ պատարագներուն եւ լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով ու Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

Սուրբ պատարագներուն մասնակցելու համար տրամադրուած պիտի ըլլան փոխադրակառքեր, որոնք երեկոները պիտի շարժին ժամը 5:30-ին, իսկ ուրբաթ առաւօտ` ժամը 8:30-ին եւ երեկոյեան` ժամը 5:30-ին, հետեւեալ վայրերէն.

– Սրբոց Վարդանանց (Պուրճ Համուտ)
– Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
– Ազգային Ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
– «Թիքօ-Թիքօ» (Զալքա)
– «Աղբալեան» ակումբ (Մըզհէր)
– «Սիմիտեան» շէնքեր (Անթիլիաս)
– Մայրավանքին դիմաց (Անթիլիաս)
– «ԷՀԼԱՆ» շէնքեր (Ռաուտա)
– «Համբօ Մարքեթ» (Ֆանար):

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Յակոբ Հէքիմեան
Տիկին Յասմիկ Հէքիմեան եւ զաւակը` Սինթիա
Տէր եւ տիկին Մհեր եւ Քարոլին Հէքիմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Լինա Հէքիմեան եւ զաւակունք
Հէքիմեան եւ Խաժօ ընտանիքներ
Իսսա եւ Սանտրուսի ընտանիքներ
Լաթուֆ եւ Պատր ընտանիքներ
Ժրեժ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`

ՀԵԼԵՆԱ ՀԷՔԻՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1949-ին)

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարոեցաւ ուրբաթ, 7 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, շաբաթ, 8 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ:

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԵԼԻՆԷ ԿՈՆՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 օգտոստոս 2026-ին, Թրիփոլի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԿԱՐՕ ՍԱՀԱԿ ԱՃԷՄԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 օգոստոս 2026-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԼՈՅՍ ԵՒ ՍՏՈՒԵՐ»

Հեղինակ` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

«Գառնի» մատենաշար ուսանողական
թիւ 48
2026

…………………………………………………………………

«ՅՈՒՇԵՐ»

Հեղինակ` ՄՈՎՍԷՍ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՇՐԻԳԵԱՆ
Խմբագիր` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

«Գառնի» մատենաշար ուսանողական
թիւ 49
2026

…………………………………………………………………

«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ»

Հատոր 46/1

Հրատարակութիւն` Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ամպիոնի

Haigazian University Press
Պէյրութ, 2026
————————————–

 

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Պուրճ Համուտի շրջան, 3 ննջասենեակ, սալոն, 2 բաղնիք, 2 պատշգամ 4-րդ յարկ, 100 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 71-679741:

Leave a Comment