Ողջերթ Եւ Բարի Գալուստ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչներուն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անցնող յունիս ամսու 24-ին, քեսապահայութիւնը ժամադրուած էր ողջերթ` բարի երթ, բարի ծառայութիւն յայտնելու Քեսապի մէջ 2,5 տարիէ իբրեւ հոգեւոր տեսուչ ծառայած Եսայի վրդ. Էօրտէքեանին, միաժամանակ` բարի գալուստ մաղթելու նորանշանակ հոգեւոր տեսուչին` Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին:

Անշուշտ պահը հոգեպարար էր, որովհետեւ Քեսապի մէջ քաղցր ծառայութիւն կատարած հայր Եսային յաջողած էր ամուր տեղ գրաւել քեսապահայութեան սրտերուն մէջ, մանաւանդ որ այդ ժամանակահատուածին Քեսապ ապրեցաւ երկու շատ կարեւոր իրադարձութիւններ: Առաջինը` երկրի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը, երբ հայր սուրբը` զինուած քեսապահայութեան առաջատար պատասխանատուներուն զօրակցութեամբ ու իր դիմագիծին, ներաշխարհին եւ մտքին արտացոլացումը եղող մնայուն ժպիտով, շուտով յաջողեցաւ շահիլ նորանշանակ պատասխանատուներուն վստահութիւնն ու յարգանքը, անոնց քով հաստատել քեսապահայութեան հայրենասիրութեան անառարկելի իրողութիւնը, վստահութենէն անցնելով` համակրանքի ու փոխադարձ անկեղծ յարգանքի բարձրութեան:

Երկրորդ իրադարձութիւնը Քեսապի մատոյցներուն հասած մեծածաւալ հրդեհն էր, որ հրկիզեց մօտ 400 այգիներ` քեսապահայութեան պատկանող, ու այդ պահուն հայր սուրբը հրդեհներուն դէմ մարտնչող քեսապահայ երիտասարդներուն յառաջապահը հանդիսացաւ:

Ողջերթի պահը թաւշային էր: Դրուատիքի, երախտապարտութեան ու բարեմաղթութեան խօսքեր:

Պահը աւելի թաւշային դարձուց նաեւ ներկայութիւնը նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ` հայր Վահրիճին, որուն չզլացուեցան բարի գալուստի խօսքերն ու սրտաբուխ լաւագոյն մաղթանքներու արտայայտութիւններ: Անոր կապակցած էին բարի ծառայութեան ու յոյսերու տեսիլքները:

Յաւելեալ թաւշային ապրումներուն երրորդ գործօնը ներկայութիւնն էր Քեսապի զաւակ, Եզեկիել վրդ. Սելլումեանին, որ իր քաղցր ու վարակիչ ժպիտը դէմքին` պահը  գերզգայուն դարձուց:

Այստեղ հարկ կը նկատեմ արձանագրել Քեսապի առաջին հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի ծառայութեան մասին:

Անոր ծառայութիւնը յատկանշուեցաւ Քեսապի եւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն վերապայծառացման աշխատանքներով, ու ան իր ծառայութենէն բաժին հանեց հայ մշակոյթին` նուիրուելով իր ղեկավարութեամբ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Կիլիկիա» երգչախումբին:

Անոր ծառայութիւնն ալ զուգադիպեցաւ օրհասային պահու, երբ տեղի ունեցաւ ծանօթ երկրաշարժը, որուն մեծագոյն վնասը վիճակուեցաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Հայր Անդրանիկը, Թաղական խորհուրդին հետ համագործակցաբար, նախաձեռնող ու հսկողը դարձաւ եկեղեցւոյ վնասուած մասերու վերանորոգութեան ու ամրապնդման աշխատանքներուն:

Պէտք է հաստատել անառարկելի իրողութիւն մը, որ վերոյիշեալ երկու տեսուչ հայր սուրբերը հետամուտ եղան եկեղեցւոյ հոգեւոր պայծառացման` կազմակերպելով դպրաց դասի ճշգրիտ ու համահունչ երգեցողութեան կատարումը:

* * *

Քեսապի շրջանի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ պատմութեան հպանցիկ ակնարկ մը նետելով` կարելի է հաստատել, որ եկեղեցին պայծառացնելու ճիգերը կ՛ուռճանան 19-րդ դարու կիսուն, արեւմտահայութեան զարթօնքի փուլին:

Ասոր մասին մանրամասն նկարագրութիւն կարելի է գտնել քեսապցի բանասէր, ակադեմական հեղինակ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» գիրքերուն առաջին հատորին մէջ` էջ 257-262 սպառիչ պատումով:

Նշելի է սակայն, որ Քեսապի մէջ ծառայութեան կոչուած հոգեւոր հովիւները, քահանայ հայրերը չեն եղած միայն Քեսապի զաւակներ. յաճախ հայաբնակ այլ վայրերէ ծառայութեան հրաւիրուած ու գործուղուած են ոչ քեսապցի հոգեւոր հովիւներ եւս:

Խոշորացոյցի տակ կ՛ուզեմ բերել կարգ մը հոգեւոր հովիւներ:

Անոնցմէ էր Պօղոս քհյն. Աթիկեանը, որ իր հօտին հետ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն կը տարագրուի ու կը մահանայ Համա քաղաքին մէջ, ուր կարճատեւ ժամանակ մը կը հանգրուանէ տարագրեալներու կարաւանը: Եղած է ժամանակահատուած մը, երբ Քեսապի մէջ ծառայած են չորս հոգեւոր հովիւներ` միաժամանակ:

Անոնցմէ յիշարժան է Խաչատուր քհնյ. Պօղիկեանը, չմշկածակցի, Միատուն գիւղէն, որուն որդին` լուսանկարիչ Տիգրան Պօղիկեանը, հանդիսացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի հիմնադիրներէն եւ տարիներ ծառայած է անոր խնամակալութեան մէջ` իբրեւ ատենադպիր: Անոր բծախնդիր թղթաբանութեան կը պարտինք այդ փուլի պատմական արժէք ներկայացնող տեղեկանքները:

Յիշարժան է նաեւ քեսապցի Յուսիկ քհնյ. Այանեանը, որ եւս հիմնադիրներէն մէկը դարձած է Ուսումնասիրաց ճեմարանին, ու ան 43 տարիներ ծառայած է Սուրիոյ թէ Լիբանանի մէջ:

Ինչպէ՞ս չյիշել Պետրոս քհնյ. Փապուճեանը, որ կը ծառայէր Գարատուրան գիւղին մէջ:

Անոր մասին կը պատմուի, որ գրաբար գրուած Ս. Աւետարանը մտքով կարդալով` զայն Քեսապի բարբառով կ՛արտասանէր, որպէսզի Ս. Գիրքը հասկնալի ըլլայ հաւատացեալ ժողովուրդին, որ նոյնիսկ աշխարհաբառ հայերէն հազիւ թէ կը յաջողէր ըմբռնել:

Յիշատակելի է մուսալեռցի Մովսէս քհնյ. Շիրիկեանը, որ աղօթքին ու խրատին հետ երբեմն հարկադրուած կը դիմէր գաւազանին անառակներն ու անուղղաները զսպելու համար` համոզումն ունենալով, որ` «Որ ոչ լուիցէ ունկամբ,  լուիցէ թիկամբ»:

Մանկութեան յուշերուս դիմելով` կը յայտնեմ, որ Քեսապի մէջ իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Վրթանէս քհնյ. Թոնդեանը (1955-1966), ծագումով սեբաստացի. անոր ջանքերով կառուցուած է Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (երկրորդը, մինչ առաջինը կուլ գացած էր հողային ծաւալուն սահանքի մը): Իր ճիգերով կը վերանորոգուի Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Ան յետոյ ծառայած է Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ: (Ան եղած է զիս մկրտող քահանան):

Տէր Վրթանէսին կը յաջորդէ քեսապցի Զաւէն քհնյ. Փոլատեանը, որուն ծառայութիւնը Քեսապէն անցած է Իրաք, Իրան, ապա` Միացեալ Նահանգներ:

Քանի մը տարիներու հոգեւոր հովիւներու չգոյութեան պատճառով փոխն ի փոխ Քեսապի մէջ ծառայած են Հալէպէն գործուղուած քահանաներ, մինչեւ որ Քեսապի համար հոգեւոր հովիւ կ՛օծուի քեսապցի Արամ քհնյ. Գըլըճեանը (Ուրուկուէյի հայոց առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլըճեանի կրտսեր եղբայրը):

Ինչպէս վերի տողերուն մէջ նշեցինք, որ Քեսապի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները միշտ քեսապցիներ չեն եղած, այլ այնտեղ գործած են այլ շրջաններէ հոգեւորականներ, իսկ երբեմն ուսուցչական ասպարէզի ծառայողներ քահանայ ձեռնադրուած են ու ծառայած` Քեսապի մէջ:

Յատկանշական իրողութիւն է, որ քանիցս Բերիոյ հայոց թեմի թեմակալ առաջնորդներ Քեսապ առաքած են նոր ձեռնադրուած քահանայ հայրեր, որպէսզի անոնք փորձառութիւն վաստկին գիւղին մէջ ծառայելով:

Անոնցմէ յիշենք նորոգ հանգուցեալ Յուսիկ քհնյ. Սեդրակեանը, որ վեց տարիներ ծառայեց Քեսապի մէջ, ապա փոխադրուեցաւ Հալէպ: Անոր գրիչին կը պատկանի «Վարք քահանայից» երկհատոր երկը: Ապա յիշենք նաեւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը, որ 2014-ի քեսապահայութեան ծանօթ տեղահանութեան օրերուն Քեսապի հոգեւոր հովիւն էր: Տեղահանութեան, Լաթաքիոյ մէջ եռամսեայ կեցութեան թէ Քեսապ վերադարձի օրերուն ան եղաւ իր հօտին առջեւէն քալողն ու իր հօտին համար անսակարկ ծառայողը: Կարճ ժամանակ մը Լիբանան` Այնճարի մէջ ծառայելէ ետք մեկնեցաւ Աւստրալիա:

* * *

Քեսապը Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ տուած է ոչ միայն քահանայ հայրեր, այլ նաեւ` վարդապետներ, եպիսկոպոսներ եւ նոյնիսկ կաթողիկոս, թէեւ մերթ ընդ մերթ ինք մնացած է առանց մնայուն հոգեւոր հովիւի: (Տուած է նաեւ քոյր յարանուանութիւններուն եկեղեցական ծառաներ):

Քեսապցի բազմաշնորհ զաւակներէն յիշարժան են` Եղիշէ ծ. վրդ. Մանճիկեանը, Նորայր եպս. Աշըգեանը, Տաթեւ արք. Սարգիսեանը, որ տարիներ ծառայած է Անթիլիասի մայրավանքին մէջ իբրեւ դպրեվանքի տեսուչ, ապա` իբրեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ: Յիշարժան է Արտաւազդ արք. Թրթռեանը, որ իր կարգին վարած է դպրեվանքի տեսչութիւնն ու միշտ հանդիսացած է Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի ծառայող հիմնասիւներէն մին:

Քեսապի զաւակ էր նաեւ Դերենիկ արք. Փոլատեանը:

Ու վերջապէս անմար յիշատակով կ՛ոգեկոչենք Քեսապի փառք հանդիսացող եւ Քեսապին փառք նուիրած Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի երջանկայիշատակ Գարեգին Բ.  Սարգիսեանը, ապա` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

* * *

Ս. Գիրքի պատուէրին նման, Քեսապ տուած է անսակարկ, յաճախ նաեւ` ինք զրկուելով, բայց եւ այնպէս, Քեսապը միշտ վայելած է տալու գոհունակութիւնը: Տուած է ու երբեմն` ինք կարիքաւոր դարձած:

Սակայն մեր այս մեղաւոր դարուն, մանաւանդ` 2014-ի տագնապալի տեղահանութենէն ետք, Քեսապ դարձաւ «կարիքաւորը» հոգեւոր հովիւի:

Այս կարիքին մասին տեղեակ դարձաւ մեր հայրը` Արամ Ա. վեհափառը, որ միշտ քաջատեղեակ եղած է Քեսապի մասին: Վեհափառ տէրը քանիցս այցելեց Քեսապ, իր աչքով տեսաւ ու զգաց կարիքը: Ան իր խորիմաստ տնօրինութեամբ Քեսապ գործուղեց հոգեւոր տեսուչ, որ տէր կանգնի անգլուխ մնացած Քեսապի եկեղեցւոյ հօտին:

Ու այս դասաւորման շնորհիւ` Քեսապ եկաւ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմլեանը ու տէր կանգնեցաւ հօտին:

Իր ծառայութիւնը աւարտելէ ետք ան գնաց ծառայելու Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին (ցայսօր):

Զինք փոխարինեց Եսայի վրդ. Էօրտէքեանը: Անոնք ջանք չխնայեցին, որ պայծառանայ մեր հոգեղէն եկեղեցին: Իսկ այժմ այդ առաքելութիւնը վստահուած է Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին:

Քեսապահայութիւնը վեհափառ հօր վերոյիշեալ տնօրինումներուն եւ Քեսապի համար սրտցաւ ու հոգածու ըլլալուն համար կրնայ միայն ու միայն երախտապարտ ըլլալ:

Հիմա վեհափառ հօր վառած ջահը փոխանցուած է հայր Վահրիճին, ու քաջավստահ ենք, որ ան ալ, իր կարգին, իր կարելին պիտի տայ վեհափառ հօր իրեն վստահած ծառայութեան ջահը իր բարւոք ճանապարհին հասցնելու` բարձր բռնելով այդ ճրագը:

Քեսապահայութիւնը իր հոգեւոր տեսուչին կողքին է ու նեցուկ` անոր ծառայութեան յաջողութեան համար:

Բարի՛ երթ, աստուածահաճոյ ու անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթենք մեր նոր տեսուչին:

Քեսապ
6 յուլիս 2026

Ծանօթ: 19-րդ եւ 20-րդ դարու սկիզբին վերաբերող տեղեկութիւնները քաղուած են Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» հատորէն:

Քեսապի Մէջ Ծառայած Հոգեւոր Հովիւներ

19-րդ Դար

1.- Տէր Ստեփանոս (Քէօրքիւնէի մատրան հովիւ):
2.- Տէր Եսայի Առնաւուտեան (Քեսապ):
3.- Տէր Սահակ Պետիրեան (1840-ականներէն` Քեսապ):
4.- Տէր Յակոբ Պետիրեան:
5.- Տէր Յարութիւն Պետիրեան (Գարատուրան, ապա դարձած է հռոմէադաւան):
6.- Տէր Կարապետ (Քեսապ):
7.- ՏԷր Մովսէս Կարպուշեան (Քեսապ):
8.- Տէր Կարպիս Սահակեան:
9.- Տէր Յովհաննէս Ադամեան:
10.- Տէր Գէորգ Եսայեան:
11.- Տէր Մարկոս (ապա` կարգաթող):
12.- Գէորգ քհնյ. Տէր Յարութիւնեան (1854-ին):
13.- Ստեփան քհնյ. Գապագեան (1866-1905) (գարատուրանցի):
14.- Պօղոս քհնյ. Աթիկեան (1860-1915, Քեսապ):
15.- Պետրոս քհնյ. Փապուճեան, Տուզաղաճ գիւղէն (Գարատուրան):
16.- Խաչատուր քհնյ. Պօղիկեան (1890-1898):
17.- Տէր Սահակ Գէորգեան:

20-րդ Դար

1.- Գրիգոր քհնյ. Սարգիսեան (էվէրէկցի):
2.- Հմայեակ քհնյ. Հինոյեան (մարաշցի):
3.- Եղիշէ քհնյ. Տալամճեան:
4.- Մովսէս քհնյ. Շիրիկեան (մուսալեռցի, Քեսապ, ապա նաեւ` Գարատուրանի եւ Տուզաղաճի եկեղեցիներուն մէջ):
5.- Վրթանէս քհնյ. Թոնդեան (1955-1963) Քեսապ, (Սեբաստիոյ Աշոտի գիւղէն):
6.- Զաւէն քհնյ. Փոլատեան (քեսապցի, 1963-1970):
7.- Յուսիկ քհնյ. Սեդրակեան (Հալէպէն), 1973-1979 (Քեսապ – Գարատուրան):
8.- Արամ քհնյ. Գըլըճեան (քեսապցի, 1984-1993):
9.- Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան (Հալէպէն):

(Աղբիւր` Յակոբ Չոլաքեանի «Քեսապ» Ա. հատոր)

 

Leave a Comment