Ըստ «Հաարեց»-ի. Քաթարին Եւ Սէուտական Արաբիոյ Իսրայէլեան Պաշտպանական Համակարգեր Ծախուած Են

Փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ բացայայտուած են, թէ Քաթարին եւ Սէուտական Արաբիոյ ծախուած են իսրայէլեան պաշտպանական արդիական համակարգեր, ներառեալ հակահրթիռային համակարգեր, «ԷՖ-16» հալածիչներու օդաչուներու համար արդիական սաղաւարտներ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ի տարբերութիւն Աբրահամեան համաձայնութեան մաս կազմող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն, Պահրէյնին ու Մարոքին, որոնք Իսրայէլի հետ ապահովական ընդարձակ յարաբերութիւններ ունին, Քաթարն ու Սէուտական Արաբիան Իսրայէլի հետ դիւանագիտական պաշտօնական յարաբերութիւններ չունին:

Leave a Comment