Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրի 14-րդ յօդուածը կը նշէ, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ պիտի որդեգրուի:
Ան նշեց. «Նոյնիսկ եթէ վերջնական համաձայնութիւնը գոյանայ եւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վաւերացուի, անվստահելի կը մնայ, եւ մեր երաշխիքը մեր ուժն է»:
«Յուշագիրին բոլոր ճակատներուն վրայ պատերազմին վերջ տալու առաջին կէտի գործադրութեան առաջնահերթութիւնը կ՛ընդգծեմ. ատկէ ետք մնացեալ յօդուածներուն կ՛անցնինք: Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ զինադադարի ծիրը Լիբանանի բոլոր շրջաններուն վրայ ընդլայնուեցաւ», յայտնեց Քալիպաֆ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ներկայութեան վերաբերեալ բարդ բանակցութիւններ կը վարէ Ուաշինկթընի հետ: Իսրայէլ մտադիր չէ իր դիրքորոշումներէն նահանջելու»: