Մերձտնեսթրի Բնակիչները Դիւրացուած Կարգով Ռուսիոյ Քաղաքացիութիւն Պիտի Ստանան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամանագիր ստորագրած է չճանցչուած Մերձտնեսթրի քաղաքացիներուն դիւրացուած կարգով Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին:

Ռուսիոյ նախագահի հրամանագիրին համաձայն, դիմում կրնան ներկայացնել Մերձտնեսթրի տարածքին մէջ մշտապէս բնակող անձեր:

Դիւրացուած ընթացակարգի համար չի պահանջուիր Ռուսիոյ մէջ մնայուն բնակութիւն, ռուսերէնի, Ռուսիոյ պատմութեան եւ Ռուսիոյ օրէնսդրութեան հիմերու իմացութեան քննութիւն:

Դիմել չեն կրնան օտարերկրացիները, որոնք մասնակցած են զինեալ հակամարտութիւններու, հայրենիքի մէջ ծառայած են բանակի մէջ կամ անվտանգութեան մարմիններու մէջ, կամ բանտարկուած եղած են:

Ապրիլին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած էր, թէ Մերձտնեսթրի մէջ կ՛ապրին 220 հազարէն աւելի ռուսեր, որոնց շահերը վտանգուած են Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի իշխանութիւններու գործողութիւններուն պատճառով:

Մերձտեսթրը մաս կը կազմէ Մոլտովային եւ չէ ճանչցուած ՄԱԿ-ի որեւէ երկրի կողմէ: Շրջանին մէջ կը գործէ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութիւնը` սեփական իշխանութեան մարմիններով, բանակով, դրամանիշով եւ անձնագիրներով:

Ռուսիան թէեւ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ զինուորական ներկայութեամբ կ՛աջակցի Մերձտնեսթրին:

Leave a Comment