Խմբագրական «Մարզիկ»-ի. Միջոց Եւ Ոչ` Նպատակ (Արհեստական Բանականութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ը)

Աշխարհը կ՛ապրի արագ զարգացող արհեստագիտական ժամանակի մը մէջ: Ամէն օր կը ստեղծուին նոր միջոցներ եւ կարելիութիւններ, որոնք կը փոխեն` մեր կեանքին ձեւը, աշխատանքին ընթացքը եւ հաղորդակցութեան եղանակը: Նորութիւններու շարքին լայն տեղ կը գրաւէ արհեստական բանականութիւնը` ԱԲ-ն, որ մեծ ազդեցութիւն ունի կրթութեան, գիտութեան, քարոզչութեան եւ հասարակական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: Հայ կեանքը եւ ՀՄԸՄ-ը եւս հեռու չեն, չե՛ն կրնար ըլլալ, այս նորութիւններէն, մանաւանդ` ԱԲ-էն:

Իբրեւ հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան նուիրուած համահայկական կառոյց` ՀՄԸՄ աւելի քան մէկ դար զանազան միջոցներով  կարեւոր դեր խաղացած է հայ կեանքին մէջ: Իր սկաուտական եւ մարզական գործունէութեամբ ան կերտած է սերունդներ` անոնց ջամբելով կարգապահութեան, ծառայասիրութեան, պատասխանատուութեան եւ ազգային գիտակցութեան արժէքներ: Այսօրուան աշխարհը, սակայն, շատ բան փոխած է մարդոց հետաքրքրութիւններուն եւ մտայնութիւններուն մէջ, ՀՄԸՄ-ին դէմ ցցելով մարտահրաւէրներ, որոնց դիմագրաւումը կը պահանջէ նոր մտածողութիւն եւ ժամանակակից միջոցներու օգտագործում:

Եւ ճիշդ հո՛ս է, որ արհեստական բանականութիւնը` AI-ը, կրնայ դառնալ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան նոր միջոցներէն մէկը: Արդարեւ, ԱԲ-ն կը նպաստէ տեղեկութիւններու հաւաքման, դասաւորման, անդամներու տուեալներու կառավարման, դաստիարակչական նիւթերու մշակման, սկաուտական եւ մարզական ծրագիրներու պատրաստութեան: ԱԲ-ն կրնայ թեթեւցնել պատասխանատուներու վարչական աշխատանքներուն բեռը եւ կրնայ խնայել անոնց ժամանակը` առիթ տալով, որ անոնք աւելի շատ զբաղին պատանի-երիտասարդներու դաստիարակութեան գործով եւ համայնքային գործունէութեամբ:

Արհեստական բանականութիւնը` ԱԲ-ն, կը ներկայացնէ գիտելիքի ստեղծման, աշխատանքի կազմակերպման եւ հաղորդակցութեան անսահման կարելիութիւններ: ԱԲ-ն կը գրէ, կը հաշուէ, կը գծէ, կը յօրինէ, կը վերլուծէ… Աւելի՛ն. ան կը ստեղծէ նիւթեր, որոնք կը նպաստեն ազգային պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներուն աւելի խոր ծանօթութեան: AI-ով դաստիարակութիւնը կը դառնայ` աւելի դիւրին, գրաւիչ, ժամանակակից եւ հետաքրքրական:

Բայց, ինչպէս գիտական բոլոր նորութիւններու պարագային, արհեստագիտական այս նորութիւնը եւս կարելի չէ «կլլել հալած իւղի նման»: Թուային աշխարհը, արդարեւ, կը սպառնայ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները գամուած պահել ելեկտրոնային պաստառներուն եւ զանոնք վերածել առանձնացած, ինքնակեդրոն եւ անդիմագիծ մարդոց, մինչդեռ ՀՄԸՄ-ի դաստիարակչական ամբողջ փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է հակառակին` գործակցութեան, այլասիրութեան, ինքնութիւն եւ դիմագիծ ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:

Լուծո՞ւմը. գիտակից եւ զգուշաւոր մօտեցումն է, որովհետեւ հակառակ իր ունեցած անչափելի օգտակարութիւններուն` արհեստական բանականութիւնը չի կրնար փոխարինել մարդկային շփումը` անմիջական հաղորդակցութիւնը, ներկայութիւնը եւ ընկերականութիւնը: Չի կրնար փոխարինել այն ամուր եւ ջերմ կապը, որ գոյութիւն ունի ՀՄԸՄ-ի անդամներուն միջեւ: Չի կրնար փոխարինել մանաւա՛նդ միասնական աշխատանքի ուժը եւ ծառայութեան ոգին, որոնք ՀՄԸՄ-ի մեծագոյն հարստութիւններն են, յաջողութեան եւ յարատեւութեան գաղտնիքներն են:

Պէտք է տիրապետել արհեստագիտութեան եւ ո՛չ թէ ենթարկուիլ անոր: Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ծառայէ մարդուն, իսկ ՀՄԸՄ-ի պարագային` անոր մարդկային եւ ազգային առաքելութեան, ինչ որ բոլորը կը պարտաւորեցնէ արհեստական բանականութիւնը օգտագործել իբրեւ միջոց եւ ոչ` նպատակ: Միջոցը` գործիքը, կը փոխուի, նպատակը կը մնայ անփոփոխ:

Միջոցը այսօր թուային հարթակն է, ցանցային աշխարհն է, որ ինչքան ալ արդիական եւ հզօր ըլլայ, չի կրնար սակայն գիտակից, պատասխանատու եւ ազգային արժէքներով զինուած սերունդ պատրաստել: ՀՄԸՄ-ը շարժում է, դպրո՛ց է: Երբ կը բացակային ոգին եւ մթնոլորտը, երբ չկան զգացումն ու ղեկավարի անձին օրինակը, ի՞նչ դպրոց եւ ի՞նչ շարժում, ի՜նչ դաստիարակութիւն եւ ի՜նչ ՀՄԸՄ-ականութիւն:

Վաղուան աշխարհը պիտի ըլլայ շատ աւելի արհեստագիտական եւ նորարար: Իսկ այդ աշխարհին մէջ տեղ ունենալու, օրուան զարգացումներուն հետ քայլ պահելու համար հայ իրականութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ը յատկապէ՛ս պարտաւոր են անցեալի աւանդութիւնները համատեղել ժամանակի պահանջներուն հետ: Արմատները կապել նորարարութեան: Ազգային ինքնութիւնը, կազմակերպական ոգին եւ ժամանակակից գիտութիւնը իրարու հետ համադրել այնպէս մը, որ կարելի ըլլայ ստեղծել գիտակից եւ ստեղծագործ երիտասարդութիւն:

Երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄ-ի մեծագոյն դրամագլուխն է, իսկակա՛ն ուժը: Բոլորին պատասխանատուութիւնն է գուրգուրալ երիտասարդութեան եւ զինել զայն ո՛չ միայն արժէքներով, այլեւ` ժամանակակից գիտելիքով եւ մտածողութեամբ:

Երիտասարդութիւնը կ՛ապրի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան աշխարհին մէջ եւ, հետեւաբար, հարցը այն չէ, թէ ան պիտի օգտագործէ՞ այս նոր գործիքը, այլ` այն, որ ինչպէ՞ս պիտի օգտագործէ, որպէսզի ո՛չ միայն յարմարի աշխարհին, այլեւ մասնակից դառնայ անոր ձեւաւորումին:

Առ այդ, արհեստական բանականութիւնը մարտահրաւէր մը չէ միայն, հնարաւորութիւն է: Հնարաւորութիւն` նոր միջոցով ծառայելու միութեան, ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Հնարաւորութիւն` հրաշալի նման գործիքով պատրաստելու երիտասարդութիւն մը, որ ատակ ըլլայ մեր վաղուան կեանքը առաջնորդելու:

ԹԻՒ 440 

Leave a Comment