Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է, եւ զայն բացատրելու համար ժողովներու կարիք չկայ. անիրաւուածներուն համաներումը պարտաւորութիւն է, իսկ թմրեցուցիչներու վաճառականներու եւ մարդասպաններու համաներումը մերժելի է, պահ դրուած գումարները գողցողներուն համաներումը մերժելի է»:
«Կարիք չկայ բացատրելու բանակայիններ սպաննածներուն համաներման հարցը, որովհետեւ բանակին եւ անոր նահատակներուն կողմնակիցները պիտի մնանք», աւելցուց ան:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսան եւ բանակի հրամանատար Ռուտոլֆ Հայքալը կը պահպանեն հաստատութիւնը, եւ մենք պատիժէն զերծ կացուցուելուն դէմ ենք», աւելցուց Պասիլ: