Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Դամասկոս այցելութեանս նպատակը Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան մակարդակը բարձրացնելն ու յարաբերութիւնները փոխադարձ յարգանքի եւ ուրիշներուն հարցերուն չմիջամտելու հիմամբ ամրապնդելն էր»:
«Լիբանանի վրայ սուրիական հոգատարութեան եւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութեան էջը փակեցինք», նշեց վարչապետը:
«Մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք մաքսատուրքերու, տարանցման, փոխադրութեան, արտածումներու եւ ելեկտրականութեան կապի ոլորտներուն մէջ տնտեսական գործակցութեան առումով, եւ արդիւնքները շատ շուտով երեւան պիտի գան, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցինք կազմելու Լիբանանեան-սուրիական աշխատանքներու բարձրագոյն խորհուրդ, որ իր առաջին ժողովը պիտի գումարէ յառաջիկայ յունիս ամսուան ընթացքին», ըսաւ ան:
Սալամ յայտնեց, որ Պընթ Ժպէյլը Կազայի կրկնօրինակին վերածուած է, «եւ մենք մեր պահանջներուն բաւարարումէն ետք Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք, ինչպէս նաեւ պատերազմը չընտրեցինք, եւ մեր երկիրը Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ դիմակայման մէջ ներքաշուեցաւ»:
«Ներկայիս թշնամական արարքներու դադրեցման եւ պատերազմին վերջ տալու վրայ կը կեդրոնանանք, կ՛ուզենք տեղահանուածները իրենց գիւղերն ու քաղաքները վերադարձնել, եւ բանակցութիւններու ընթացքին իսրայէլեան հեռացման յստակ ժամանակացոյց պահանջեցինք», ըսաւ ան:
«Մեզ պատերազմի մէջ ներքաշման պատճառով այժմ 68 գիւղեր կը գտնուին Իսրայէլի տիրապետութեան տակ», նշեց Սալամ: