Դուխով Մարդիկ, Զգուշացէ՛ք

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ազգայնամոլ պատումներու, նմանատիպ` աւանդական գաղափարաբանութիւններու հանդէպ սկեպտիկ դիրքորոշում ունեցող ղեկավարը անպայմանօրէն բարեբեր կամ թարմացած մտաւորական մը չենք կրնար համարել:

Խանգարուած գաղափարաբանական ուղեցոյցով, թատերական նկարագիրով, մերթ` մրմնջալով, մերթ` ճչալով ճառելու, գոռում-գոչիւններով ոգեւորելու տաղանդ ունեցող եւ ստաբանութիւնները սրամտութիւններով քողարկելու շնորհով օժտուած վարչապէտ մըն է Նիկոլ Փաշինեանը:

Իր ընկերային ցանցերու վրայ ցուցաբերած աշխուժութիւնը յաճախ շա՜տ շատերու, մանաւանդ միամիտ քաղաքացիներու կողմէ կը մեկնաբանուի իբրեւ որակաւոր քաղաքական գործունէութիւն:

«Ինսթակրամ»-ի վրայ ամիսներէ ի վեր կը տեղադրէ նուագահանդէսներու տեսերիզներ, ուր ինք տրամզ կը փորձէ նուագել, կամ տարբեր ոճի երգեր, երաժշտութիւններ կ՛ունկնդրէ, ապա իր մատներով սրտիկ մը կը կազմէ, կ՛ուղարկէ ժողովուրդին, ու անմեղ, մանկունակ կը ժպտի տեսախցիկին:

Ան այս տեսերիզներով, Արցախի կորուստէն ետք, Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու միջեւ ստեղծուած դիւրակոտոր խաղաղութեան եւ ժողովուրդի անճարութեան առջեւ ինքզինք կ՛ուզէ վերաներկայացնել համայնքին ոչ միայն իբրեւ իւրայատուկ, զարգացած, այլ նաեւ հոգեպէս առողջ, անխռով, դրական սլացք` խոյանք ունեցող:

Միայն չափազանց կարճամիտը կրնայ չլսել այդ աժան դրականութեան ետեւ թաքնուած, տրամզի աղմուկին մէջ խեղդուած եղերերգը:

Լրագրողներ հրաւիրելով, ուղիղ եթերներ կազմակերպելով` կ՛ուզէ իբր թէ լրագրողներուն անսահմանափակ հարցադրումի առիթ ընծայել եւ ազատ արտայայտութիւն ու քննադատական միտք արժեւորել: Այս ձեւաչափը կը ձեւաւորէ ազատ խօսքի տեսանելիութիւն մը, որ իրականութեան մէջ սերտօրէն վերահսկուած հաղորդակցական միջավայրի մէջ սանձուած է, ուր հազիւ «ազատութեան» սահմանագիծը օրինազանցուի, Նիկոլի խօսելու եղանակը բոլորովին կը փոխուի, ան կը սկսի զայրանալ, լրագրողը լռեցնել, նուաստացնել, եւ ուրեմն այսպիսով խոյս կու տայ հարցումին պատասխանելու ճնշումէն: Վերջին ամիսներուն իր հրապարակած տեսանիւթերուն մէջ ան կը շրջի Երեւանի եւ տարբեր քաղաքներու փողոցները, որպէսզի իր իտէալ կազմած Հայաստանի նոր քարտէսը ծանուցէ` իբր թէ իր նոր, ամուր սահմաններով:

Անմիջական զրոյցներ կ՛ունենայ քաղաքացիներու հետ, կը ճաշակէ սովորական, աղքատիկ ճաշարաններու, կրպակներու մէջ` ինքզինք ներկայացնելով որպէս հասարակ բանուոր մարդ: Մթնոլորտը առողջ կը թուի, մինչեւ ան հանդիպի ուշիմ քաղաքացիի մը, որ Նիկոլը պանծացնելու փոխարէն` զայն «կը հարուածէ» խելացի հարցումներով եւ յստակ ապացոյցներով:

Խաղաղ զբօսանքը եւ ջերմ զրոյցները կը վերածուին լարուած բախումներու, ուր հեգնանքի եւ ցուցադրական դրականութեան դիմակը յանկարծ կը փշրուի, անմեղունակ ժպիտը կը քողազերծուի` իր տեղը տալով անտեղի ջղային պոռթկումներու:

Միեւնոյն ժամանակ ան կը քարոզէ, թէ իր իշխանութեան բացակայութիւնը կրնայ բերել ծանր հետեւանքներ, նոյնիսկ` աղէտալի պատերազմ մը, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, ժողովուրդի մտքին մէջ կառուցելու այն պատկերացումը, որ իբր թէ ինք յունիս ամսուան` եկող ընտրութիւններու միակ ապահով տարբերակն է, եւ Հայաստանի գահին վրայ անփոխարինելի կերպար մըն է:

Արցախի կորուստի բեռը ամբողջովին Նիկոլի ուսերուն վրայ չէ. երկար տարիներու, իշխանութիւններու, նախագահներու, ռազմավարական սխալներու եւ անտրամաբանական որոշումներու ջարդուբուրդն է: Բայց այդ չէ միակ խնդիրը:

Հարցը այն է, թէ ան կը գործէ ոչ թէ հաստատ սկզբունքներով, այլ` պատեհապաշտ մօտեցումով: Արցախի հարցին մասին վերջին ութ տարիներուն  ան գաղափարական գետնի վրայ բազմիցս փոխած է իր կեցուածքը:

Պէտք է յիշել, որ 2018-ի «յեղափոխութեան» ժամանակ ան սփիւռքահայ Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի կերպարը, տեսքը որդեգրելով, մարմնացնելով` ուզած էր շահիլ ժողովուրդին սիրտը եւ վստահութիւնը:

Նոյն այդ Նիկոլը այսօր հակասփիւռք կեցուածք եւ առանց Արցախի Հայաստան կը քարոզէ:

Աւելի՛ն. խորհրդարանին մէջ ան յաճախ յարձակողական եւ անհիմն մեղադրանքներով, ձաբռտելով կը վարկաբեկէ տարբեր հաստատութիւններու, կուսակցութիւններու եւ պատգամաւորներու գործունէութիւնը, ապականելու` խորացնելու համար հասարակական պառակտումը:

Ան ծաղրանկար մը դարձած է թէ՛ խորհրդարանին մէջ, ընկերային ցանցերու վրայ եւ թէ՛ դրացի երկիրներու ղեկավարներու աչքին:

Այո՛, Հայաստանը պէտք ունի արդիապաշտութեան, նոր սկզբունքներու, առողջ ազատականութեան, բայց պէտք ունի նաեւ ձիգ, սեպ գաղափարաբանութեան, եւ` վարչապետի մը, որ չ՛ուզեր բազմիլ եւ կառչիլ աթոռին, որ երէկ Մոնթէի վիրակապով, եւ այսօր աբրահամլինքոլնեան «stovepipe» գլխարկ դնելով` չ՛ուզեր կերպարանափոխուիլ, կախարդելու, խաբելու համար ժողովուրդը, այլ` վարչապետի մը, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը, կրկէսի փոխարէն, կը դարձնէ արդիւնաբեր պետական գործ:

 

 

Leave a Comment