Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «ամէնէն բուռն եւ խիստ ձեւով» դատապարտեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները թիրախաւորած իրանեան մերժելի յարձակումները»` զանոնք նկատելով եղբայրական պետութեան մը գերիշխանութեան, միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բացայայտ խախտում մը` աւելցնելով, որ այդպիսի արարքները շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ վտանգաւոր սպառնալիք են:
Նախարարութիւնը Լիբանանի «ամբողջական ու հաստատ» զօրակցութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարութեան ու ժողովուրդին` ընդգծելով, որ Լիբանանը Էմիրութիւններուն կողքին կը կանգնի ընդդէմ «այս յարձակումներուն, եւ կ՛աջակցի իրենց հողերը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, իրենց քաղաքացիներուն ու իրենց հողերուն վրայ բնակողներուն ապահովութիւնը պաշտպանելու օրինական իրաւունքին»:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է յարգել բոլոր արաբական պետութիւններու գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, եւ մերժեց անոնց ներքին գործերուն որեւէ միջամտութիւն:
Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց` «այս յարձակումները անմիջապէս դադրեցնելու, ինչ որ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանէ»: