Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանային գրասենեակի տնօրէն եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ ներկայացուցիչ Փաոլօ Ֆոնթանին:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին ու տարբեր մակարդակներու վրայ անոր հետեւանքներուն, մասնաւորաբար հարաւայի Լիբանանի մէջ հնագիտական, մշակութային, կրօնական, կրթական եւ քաղաքային վայրերու թիրախաւորման:
Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն այդ ոճիրներուն դատապարտման նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնին:
Ֆոնթանի յայտնեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յունիսին խորհրդաժողով մը կը պատրաստէ, եւ Լիբանանը պիտի ըլլայ օրակարգին վրայ այդ խորհրդաժողովին, որ նաեւ պիտի անդրադառնայ այդ վայրերու վերաշինութեան:
Ֆոնթանի բարձր գնահատեց լիբանանեան խորհրդարանի ջանքերը եւ օրէնսդրական ոլորտին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ իր գործակցութիւնը, մասնաւորաբար տեղեկատուութեան օրէնքի արդիականացման հարցով:
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի կացութիւններուն զարգացումները, Իսրայէլի` իր յարձակումը եւ զինադադարի որոշումը խախտել շարունակելուն հետեւանքով քաղաքական ու մարտական զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները: