Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Երկիրը նոր հունի վրայ դրինք, եւ Պէյրութի վերաբերեալ որոշումին գործադրութիւնը շաբաթներու եւ ամիսներու կը կարօտի, եւ անկէ ետդարձ չկայ»:
Ան կոչ ուղղեց Պէյրութի մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդելու եւ խախտում արձանագրողները զսպելու:
Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի մջ բանակցութիւններուն, ան նշեց, որ տակաւին բանակցութիւններ չկան, եւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, նախապատրաստական հանդիպումներ են` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան պէտք եղածէն աւելի մեծ իմաստ տրուեցաւ, եւ լիբանանեան կողմը արտայայտեց դիրքորոշում մը, որուն շուրջ նախարարաց խորհուրդին մէջ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի:
Սալամ շեշտեց, որ պահանջուածը լիբանանեան բանակը լիբանանեան որեւէ կողմի դէմ դնելը չէ:
«Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումները պիտի շարունակենք, մինչեւ որ զինադադարի հասնինք», ըսաւ ան: