Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերու խորհրդական Անուար Քըրքաշ նշեց, որ իր երկիրը լարուածութիւնը, սպառնալիքն ու յարձակումը իբրեւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ նոր իրականութիւն պիտի չընդունի:
«Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումը իրանեան պատերազմէն եւ անոր բոլոր դրսեւորումներէն ետք առաջին հաւաքն էր: Այնտեղ տարբեր երկիրներ կը փորձեն հասկնալ նոր փուլի առանձնայատկութիւնները եւ քաղաքական դաշտի փոփոխութիւնները», նշեց Քըրքաշ:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ելեւմտական աջակցութեան մեքանիզմ ստանալու համար Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու սկսած են:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կեդրոնական դրամատան կառավարիչը անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան ու դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնատարներուն հետ ժողովներու ընթացքին դրամանիշերու փոխանակման գիծ ստեղծելու գաղափարը ներկայացուցած է: