Լիբանանը կը գտնուի զգայուն փուլի մը դէմ յանդիման: Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կրնան սկսիլ, մինչ երկիրը կ՛անցնի ճակատագրական եւ դժուար ժամանակէ մը: Եւ բնական է, որ հանրային կարծիքը բաժնուի համամիտներու եւ հակառակորդներու միջեւ` նկատի առնելով երկրին մէջ քաղաքական, պատմական եւ զգացական այլազան կողմերու գոյութիւնը: Սակայն հիմնական հարցումը կը մնայ այն, թէ` արդեօք այդ բանակցութիւնները կրնա՞ն յաջողիլ: Պատասխան` ներկայի տուեալներուն վրայ հիմնուելով, յայտնի չէ… աւելի կասկածելի է, քան հաստատ:
Քաղաքական գիտութիւններուն մէջ բանակցութիւնները չեն համարուիր սոսկ բարոյագիտական ընտրութիւն մը, այլ` հակամարտութիւնը կառավարելու միջոց: Եւ, ըստ քաղաքական գիտութիւններու իրապաշտական դպրոցին, երկիրներ կը ջանան իրենց ազգային շահերը ապահովել որեւէ ուրիշ նկատառումէ առաջ, եւ քաղաքական վարմունքը յաճախ պարզապէս արդիւնքը կ՛ըլլայ ուժի եւ շահերու հաւասարակշռութեան: Այդ տրամաբանութիւնը յստակօրէն կ՛արտայայտուի գաղափարներուն մէջ Նիքոլօ Մաքիավելլիի, որուն համաձայն, քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ գործնապաշտութեան վրայ, եւ ոչ` իտէալապաշտութեան: Մաքիավելլիի այդ թեզի արմատները կը գտնենք անոր «Իշխանը» վերնագիրով գիրքին մէջ, ուր կը հնչէ այն գաղափարը, թէ նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցները, երբ հարցը կը վերաբերի պետութեան մը գոյատեւման: Առ այդ, բանակցութիւնը կը դառնայ վնասները պակսեցնելու կամ որոշ շահեր ապահովելու միջոց մը, եւ ոչ թէ` անպայման վստահութեան, ամբողջական համաձայնութեան կամ յանձնուելու արտայայտութիւն մը:
Իսկ փիլիսոփայութիւնը բանակցութիւնը կը կապէ երկխօսութեան եւ բանականութեան հետ: Եուրկեն Հապըրմաս կ՛առաջարկէ «հաղորդակցական քայլ»-ի գաղափարը, ուր կ՛ենթադրուի, որ տրամաբանութեան վրայ հիմնուած երկխօսութիւնը կրնայ առաջնորդել հասարակաց հասկացողութեան` առանց բռնադատումի կամ ստիպումի: Ատոր դիմաց, Թոմըս Հոպս հարցականի տակ կ՛առնէ այդ լաւատեսական տեսակէտը` դիտել տալով, որ մարդիկ գլխաւորաբար կը մղուին իրենց վախէն եւ անձնական շահերէն, եւ որ` հակամարտութիւնը բնական վիճակ մըն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ բանակցութիւնները երբեմն պարզապէս ժամանակաւոր զինադադար են, եւ ոչ աւելին:
Դասեր պատմութենէն
Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներովը երկիրներու, որոնք արիւնալի պատերազմներ մղեցին եւ յետոյ անցան խաղաղութեան, երբեմն նաեւ` գործակցութեան: Բ. Աշխարհամարտէն ետք Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւնը թշնամականէն դարձաւ համագործակցականի` Եւրոպական Միութեան ծիրէն ներս: Իսկ մեր տարածաշրջանը ականատես եղաւ համաձայնութիւններու, ինչպիսիք են` Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութիւնը 1978-ին եւ Յորդանանի ու Իսրայէլի միջեւ 1994-ի Ուատի Արապա դաշինքը: Վիեթնամի պատերազմն ալ, իր կարգին, աւարտեցաւ Վիեթնամի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումով: Այս օրինակները մեզի ցոյց կու տան, թէ հակամարտութիւնները, որքան ալ որ երկարին, կրնան աւարտիլ բանակցութիւններով, բայց պայմանաւ որ անոնք ընթանան որոշակի կամ ճշգրիտ պայմաններով եւ յստակ հաւասարակշռութեամբ:
Քաղաքականութեան մէջ չկայ մնայուն դաշնակից, ոչ ալ` մնայուն թշնամի, այլ կան մնայուն շահեր: Իմ կարծիքովս, առողջ քաղաքական մտածողութեան լաւագոյն սկզբունքը «ուղեգծային թերահաւատութիւն»-ն է (բառացիօրէն` «մեթոտական կասկածամտութիւն»), որ չի նշանակեր բացարձակ մերժում, այլ` գիտակից զգուշութիւն: Կասկածը առիթ կու տայ իրավիճակի աւելի խորունկ ընթերցման եւ ապագայի աւելի ճշգրիտ կանխատեսման, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ, որ իյնանք բացարձակ վստահութեան կամ բացարձակ մերժումի խաբկանքներուն մէջ:
Ատոր վրայ հիմնուելով` կարելի է նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կայացման ոչ թէ միամիտ լաւատեսութեամբ, այլ` իրապաշտ տեսանկիւնէ մը, որ կը ջանայ առիթներ ուսումնասիրել եւ ռիսքերը նուազեցնել, պայմանաւ որ այդ բանակցութիւնները հիմնուած ըլլան Լիբանանի ճանչցուած սահմաններուն վրայ (10.452 քառ. քմ) լիբանանեան ամբողջական գերիշխանութեան պահպանման վրայ, ինչպէս նաեւ նպատակը ըլլայ կայունութիւն եւ ապահովութիւն հաստատելը:
Ժամանակն է, որ այլեւս Լիբանանը դադրի ուրիշներու հակամարտութիւններուն գինը վճարելէն եւ իր կողմնացոյցը վերաուղղէ դէպի նախ եւ առաջ ազգային շահեր եւ ապա կերտելու ապագայ մը, որ կեդրոնացած է կայունութեան եւ խաղաղութեան վրայ` առանց իրաւունքներէ զիջելու կամ քաղաքականութեան թակարդը իյնալու:
Եզրափակելու համար, այդ բոլորը թուղթի վրայ կը մնան, եթէ պետութեան ձեռքին մէջ չըլլայ զէնքը, եւ եթէ գոյութիւն չունենայ մէկ բանակ` պաշտօնական հրամանատարութեան հակակշիռին տակ:
